Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Թուրքիոյ ԱԳ Նախարարը Եւ ԱՄՆ-ի Պետական Քարտուղարը Պայմանաւորուած Են Շարունակել Երկխօսութիւնը

«ԶԱՐԹՕՆՔ», ՊԷՅՐՈՒԹ: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն եւ ԱՄՆ-ի պետական քարտուղար Մայքլ Փոմփէօն Օգոստոս 3-ին բանակցութիւններ վարած են Սինկափորի մէջ եւ պայմանաւորուած են Անգարայի եւ Ուաշինկթընի միջեւ շարունակել երկխօսութիւնը` վերջինիս կողմէ Թուրքիոյ երկու նախարարներուն նկատմամբ պատժամիջոցներու սահմանումէն ետք:

Այդ մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, յայտնած է «Sabah» թերթը: Իր տուեալներով՝ Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ պետութիւններու ընկերակցութեան համաժողովի ծիրէն ներս կայացած հանդիպումը տեւած է 40 վայրկեան: Բացի այդ՝ հրատարակութիւնը կը նշէ, որ վերջին 15 օրուան ընթացքին Չաւուշօղլուն եւ Փոմփէօն արդէն չորս հեռախօսազրոյց ունեցած են, հաղորդած է «ՏԱՍՍ»-ը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին