Հինգշաբթի, 27. 03. 2025

spot_img

Մահագրական – Պրն. Գրիգոր Սեդրաքեանի Յիշատակին

Միքանի օր առաջ հաւաքուեցանք դագաղին շուրջ անհատի մը, որուն հետ ոմանց յարաբերութիւնը շատ հաւանաբար աւելի շատ էր քան իմս: Իմս պարագայական էր, աշխատանքային: Այդ յարաբերութիւնը տակաւ վերածուեցաւ ընտանեկան բարեկամութեան ու սերտացաւ՝ փոխադարձ յարգանքի վրայ հիմնուելով:

Պրն. Գրիգոր Սեդրաքեանը կը ճանչնամ պատանութեան տարիքէս, երբ Հաճըն թաղի վերի փողոցէն իր մոխրագոյն Սիմքա ինքանաշարժով, կը քշէր դէպի վար: Հայրս այդ զառիվարին երկրորդ խանութն էր ձախին: Պրն. Գօգօն եւ հայրս բարեւներ կը փոխանակէին, ապա ան կը շարէր ինքնաշարժը ու կ’իջնէր հօրս քով՝ նախապէս պայմանաւորուած ըլլալով: Հայրս եւ ինք կը հաշուակցէին եւ հայրս վճարումներ կը կատարէր, հանգիստ սրտով ու մտքով եւ Պրն. Գօգօն կը մեկնէր:

Հայրս միակը չէր այս առումով: Պրն. Գօգօն ամբողջ Հաճընի խանութներուն տարեկան եկամտահարկը կը հաւաքէր ու կը փոխանցէր պետութեան: Յիշեցնեմ, այդ տարիներուն՝ 1970ականներու սկիզբին, եւ անկէ ալ առաջ, հայրս եւ իր նմանները սերունդ մըն էին որոնց արաբերէնը փայլուն չէր, կը զգուշանային պետութեան քով երթալէ՝ կա՛մ ժամավաճարութենէ խուսափելով, կա՛մ կաշառքէ խուսափելով, կա՛մ այդ հաշիւներէն պետական պաշտօնեաներուն հետ գլուխ չհանելու մտահոգութեամբ եւ՝ հրաժարելով պետական անխիղճ պաշտօնեաներու քաշքշուքներէն: Եւ Պրն. Գօգօն փրկարարն էր այդ կացութեան. ի՛նք կը կլորցնէր եկամուտները, խորհուրդ կու տար ինչ արձանագրել, որպէսզի ո՛չ պետութիւնը խաբուած ըլլայ ու չարաշահուի, ո՛չ ալ փոքր խանութպանները մեծագումար եկամուտի տուրքեր վճարեն:

Պրն. Գօգօն, համեստօրէն կը նստէր հօրս փոքր աթոռներէն մէկուն վրայ եւ խաղաղ, փորձառու ու հոգածու վերաբերումով կը խօսակցէր հօրս հետ քիչ մը քաղաքականութիւն, քիչ մը պետական վիճակ, քիչ մը հայկական կացութիւն, քիչ մը հիւմըրով միքանի ակնարկութիւն, ընտանիքներու որպիսութեան հարցուփորձ, զաւակներու վիճակ, առողջութիւն..: Նման հարցումներով կատարելէ ետք ընկերային յարաբերութեան խօսակցութիւն, Պրն. Գօգօն հաշիւները փակելով, հեզ ձայնով բարեմաղթանքներ կ’ընէր ու մնայուն թեթեւ ժպիտը դէմքին, կ’առնէր իր պայուսակը եւ կը մեկնէր:

Իր մահուան առիթով չէ որ այս մանրամասնութիւնները կը յիշեմ, այլ վաղուց մտածած եմ իր գործին ու ըրածին մասին: Պրն. Գօգօն մարդ մըն էր, որ գիտցաւ իր ասպարէզը օգտագործել այնպէս՝ որ կարենայ օգտակարութիւն ունենալ անփորձ աշխատաւոր խաւին: Կրցաւ անդրադառնալ որ իր գործով կրնայ սատարել հօրս եւ նման մարդոց կարեւոր մէկ մտահոգութեան՝ պետական եկամտատուրքի մտահոգութեան նուազեցման: Յիշեցնեմ նորէն, հայրս այն սերունդէն էր որ կը ձգտէր վճարել պետական ջուրի, քաղաքապետարանի, եկամուտի եւ այլ հարկերը ժամանակէն առաջ: Ասոնք սերունդ մըն էին, որոնք կը մտածէին թէ ուշացումը զիրենք բեռ կը դարձնէր պետութեան վրայ…:

Գեղեցիկ է եւ ազնիւ երբ մարդ կը գիտակցի որ իր աշխատանքային ասպարէզը կրնայ այնպէս մը ըմբռնել ու կիրառել, որ ծառայէ ու ծառայեցնէ հաւաքականութեան, քան թէ իր անձնական եսասէր հաշիւներուն: Պրն. Գօգօն այսպէս իմաստաւորած էր իր աշխատանքային ասպարէզը:

Պատուական մարդ էր ան, գիտէր հանգստացնել հարկ վճարող քաղաքացին, չչարաշահել անոր անգիտութիւնը, վերացնել անոր մտահոգութիւնը:

Կը թուի թէ Պրն. Գօգօն իր այս գործը գէթ մասամբ ժառանգած էր իր հօրմէն, հանրածանօթ Խոսրով Էֆենտիէն, որուն ոչ միայն ասպարէզային ուղիով շարունակողը եղած էր, այլ շարունակած եւ որդեգրած էր նաեւ անոր հաւաքականութեան, մարդոց ծառայելու, իր դիրքն ու հանգամանքը հանրութեան բարօրութեան տրամադրելու քան թէ չարաշահելու սկզբունքը:

Պրն. Գօգօն ծնած էր 1938ին, Պէյրութ, աւարտած էր ՀԲԸՄ Յովակիմեան Մանուկեան Մանչերու Երկրորդական Վարժարանը, բարձրագոյն ուսում ստացած եւ պաշտօնակոչուած պետական եկամուտի գրասենեակը: Ամբողջ կեանք մը անցուց այնտեղ եւ ամբողջ կեանք մը լուասաբանեց, օգտակար դարձաւ եւ նուազեցուց պէյրութաբնակ հայ հաւաքականութեան շօշափելի մէկ մասի մը պետական եկամտատուրքի, կալուածատուրքի եւ ընդհանրապէս տուրքերուն առնչուած մտահոգութիւնները:

Ան իր ընտանեկան բոյնը կազմեց 1967ին, բայց նոյնիսկ տունը հեռու չպահեց հանրային ծառայութեան ծիրէն. յաճախ իր գործերուն բերմամբ մարդիկ կ’ընդունէր իր տունը եւ կը ջանար օգտակար դառնալ ու ամոքել անոնց մտահոգութիւնները:

Քիչ չեն անոնք, որոնք երախտագիտութեամբ կը յիշեն իր բարեմասնութիւնները, մեծահոգութիւնը, ազնուութիւնը, տկարին հետ զգալու եւ ըստ այդմ վարուելու ունակութիւնը: Եւ շատ են անոնք, որոնք այսօր ինծի հետ իրենց խօսքը ուղղելով իր տիկնոջ՝ Փեկիին եւ զաւակներուն՝ Սերժին եւ Ալինին, կ’ըսեն որ հպարտ զգան անոնք, որովհետեւ մարդիկ լա՛ւ դիտած են Պրն. Գօգօն եւ լա՛ւը տեսած են իրեն մէջ, քանի որ ան լա՛ւը դրսեւորած է իր կեանքին ընթացքին:

Ա. Տ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին