ՀՀ փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան՝ Յուլիս 26-ին տարածած հաղորդագրութեան եւ տեսանիւթին վերաբերեալ:
Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, յայտարարութեան մէջ կը նշուի, որ Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցը սերտօրէն փոխկապակցուած է մէկ կողմէ Հայաստանի Հանրապետութեան տնտեսական շահերու եւ վստահելի գործընկերոջ միջազգային համբաւի ձեւաւորման, իսկ միւս կողմէ՝ բնապահպանական վտանգներու հետ, որոնք անաչառ գնահատումի կարիք ունին։ «Նոյն այս գնահատականի նպատակով ձեւաւորուած արդէն իսկ կը գործէ աշխատանքային խումբ, որ անկասկած յաջողութեամբ կ’իրականացնէ այն առաքելութիւնը, ինչի համար կոչուած է, որ է՝ միջազգային եղանակներուն համապատասխանող հաշուետու հանքարդիւնաբերութեան քաղաքականութեան ներդրում ու իրագործում։
Միեւնոյն ժամանակ չենք կրնար անուշադրութեան մատնել եւ չարձանագրել խոր մտահոգութիւն յառաջացնող նոր ի յայտ եկած փաստերը, որոնք պէտք չէ վրիպին այդ խնդիրով զբաղող մարմիններու ուշադրութենէն։ «Լիդիան Արմէնիա» ընկերութեան վերջին հաղորդումը առարկայական եւ հետեւողական ուսումնասիրութեան կարիք ունի։
Մենք պէտք է լիովին վստահ ըլլանք, որ Ամուլսարի ու ընդհանրապէս ամբողջ Հայաստանի բնութեան պահպանումով մտահոգ եւ, անկասկած, ազնիւ նպատակներ հետապնդող բնապահպաններու ծաւալած պայքարէն չեն փորձեր օգտուիլ նեղանձնական շահեր հետապնդող անձեր»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ։
Աւինեանի գրասենեակէն նշած են, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը Ամուլսարի հանքի շահագործման հարցի անաչառ եւ օրինական լուծման ապահովման երաշխաւորն է։ «Այս նպատակով ի յայտ եկած բոլոր փաստերը իրաւունքի եւ օրէնքի գերակայութեան, տնտեսական ազատութիւններու անվերապահ պահպանման սկզբունքերու հիման վրայ պէտք է առարկայական քննութեան ենթարկուին։
Հայաստանի տնտեսական շահերը, միջազգային վարկանիշը, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութիւնը, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական ազնիւ պայքարը չեն կրնար ու պէտք չէ շահագործման առարկայ դառնան պատեհապաշտներու ձեռքը»,- կ’ըսուի ՀՀ փոխվարչապետի յայտարարութեան մէջ: