Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Ս. Փեթերսպուրկի մէջ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է ՌԴ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւի հետ:
«Յարգելի Նիկոլ Վովա, ուրախ եմ ձեզի հետ շարունակելու հանդիպումը: Մենք վերջերս հանդիպած ենք ֆութպոլի ընթացքին: Այսօր նաեւ Եւրասիական միջկառավարական խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս աւելի քան հինգ ժամ տեւած քննարկումներու ընթացքին կրցանք յաջողութեամբ քննարկել ոչ միայն մեր միութեան խնդիրները, այլ նաեւ երկկողմ օրակարգին վերաբերող հարցերը, քանի որ մշտապէս կան քննարկելու բաներ»,- ինչպէս կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, ըսած է Տմիթրի Մետվետեւը:
Իր հերթին, Նիկոլ Փաշինեան ըսած է. «Յարգելի Տմիթրի Անատոլի, հաճելի է ունենալ այս հնարաւորութիւնը: Կարծում եմ՝ Հայաստանում առկայ ներկայիս իրավիճակի եւ ընդհանրապէս մեր յարաբերութիւնների իւրայատկութիւնների համատեքստում շատ լաւ եւ օգտակար են մեր յաճախակի հանդիպումները, որպէսզի ունենանք հնարաւորութիւն քննարկելու մեր յարաբերութիւնների բոլոր նիւանսները եւ այն հարցերը, որոնք գոյութիւն ունեն, այն հարցերը, որոնք կարող են գոյութիւն ունենալ, անգամ այն հարցերը, որոնք գոյութիւն չունեն, բայց դրանց մասին շատ են խօսում: Գործնականում այդ հարցերը գոյութիւն չունեն, եւ կարծում եմ, որ բազմիցս ասել եմ՝ մեր յարաբերութիւնների ռազմավարութիւնն ու ընդհանուր գաղափարը հասկանալի է, այստեղ քննարկելու շատ բաներ չկան, բայց կարծում եմ, որ մեր այս հանդիպումները շատ օգտակար են, որպէսզի քննարկենք, թէ ինչպէս մեր յարաբերութիւնները բարձրացնենք նոր մակարդակի: Կարծում եմ՝ ե՛ւ Մոսկուան, ե՛ւ Երեւանը դրանում անկեղծօրէն շահագրգռուած են: Ուրախ եմ, որ վերջին 2.5 ամիսների ընթացքում ունեցել ենք տարբեր հնարաւորութիւններ քննարկելու բոլոր հարցերը: Ինձ համար ակնյայտ է, որ մեր յարաբերութիւնները զարգանում են շատ արդիւնաւէտ եւ ես գործնականում չունեմ կասկածներ, որ այս բնոյթը ոչ միայն կը շարունակուի, այլ նաեւ կը լինի առաւել արդիւնաւէտ»:
Զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական ռազմավարական յարաբերութիւններուն, ներառեալ՝ տնտեսական փոխգործակցութեան զարգացման ուղղուած շարք մը հարցեր, անդրադարձած տնտեսութեան տարբեր ճիւղերուն մէջ համատեղ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքին ու յառաջիկայ ընելիքներուն: Նիկոլ Փաշինեան եւ Տմիթրի Մետվետեւը կարեւորած են երկկողմ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալներու յաւելումը եւ անդրադարձած տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցութեան ընդլայնման վերաբերող թեմաներու: Զրուցակիցները մասնաւորապէս կարեւորած են ԵԱՏՄ-ի ծիրէն ներս փոխգործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացումը: