*ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ*
«Զարթօնք»ի Երէց Աշխատակից
«Կրթէ մանուկը իր ճամբան սկսած ատենը, որպէսզի
իր մեծութեան ատենն ալ անկէ չխոտորի»:
Գիրք Առակաց
Շաբաթ, 8 Սեպտեմբեր 2018-ին՝ առաւօտեան ժամը 10-ին, պիտի սկսի իրաքահայերու Հայ ընտանեկան միութեան շաբաթօրեայ վարժարանի 40-րդ կրթաշրջանը:
Արդէն արձանագրութիւնները մեծ խանդավառութեամբ սկսած են եւ կը շարունակուին՝ հեռախօսելով դպրոցի պատասխանատուներուն հետեւեալ թիւերուն, (818) 281-1218 կամ (818) 326-4725:
1979-ին խումբ մը Իրաքէն Կլենտէյլ եկած հայեր ձեռք-ձեռքի տուած, սիրոյ եւ համերաշխութեան գեղեցիկ մթնոլորտի մը մէջ հիմը դրին Սփիւռքի մէջ առաջին եւ ցարդ միակ շաբաթօրեայ անվճար վարժարանին, որպէսզի պետական վարժարաններ յաճախող փոքրիկներուն առիթ տրուի իրենց մեսրոպախօս լեզուն սորվիլ՝ իրենց ողջ կեանքը հայօրէն ապրելու համար:
Ինչպէս յիշեցինք, դպրոցը քառասուն տարի շարունակ անվճար եղած է, ծնողները իրենց զաւակներուն արձանագրութեան համար համեստ գումար մը կը վճարեն, իսկ ամբողջ տարուան դասերու ուսուցումը անվճար է:
Դասերը տեղի կ’ունենան Շաբաթ օրերը, առաւօտեան ժամը 10-12: Կ’ընդունինք 4-14 տարեկան փոքրիկներ, իսկ դպրոցի հասցէն է` 214 W. Fairview Ave., Glendale, CA 91202: Որպէս զգուշացում՝ յիշենք, թէ դպրոցի մուտքը շէնքի կանգառէն է:
Դպրոցին մէջ կը դասաւանդուի հայերէն լեզուն իր երկու բաժանումներով՝ արեւելահայերէն եւ արեւմտահայերէն, երգ եւ ասմունք:
Մեծագոյն գոհունակութեամբ կու գանք յիշելու, որ վարժարանի 40 տարուան կեանքին ընթացքին, միշտ ալ բախտաւորուած եւ ունեցած ենք հմուտ եւ ամբողջանուէր տնօրէն-տնօրէնուհիներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ, որոնք անսահման նուիրումով ու սիրով կը տանին այս կրթական կամաւոր գործը՝ միշտ արժանանալով ծնողներուն ամենաջերմ գնահատանքներուն:
Դպրոցէն ներս ամէն տարի կը նշուին ազգային, մշակութային եւ հոգեւոր տօները պատշաճ հանդիսութեամբ եւ յայտագիրով՝ մասնակցութեամբ մեր սիրելի աշակերտ-աշակերտուհիներուն:
Վարժարանի հիմնադրութենէն ի վեր մօտ 1700-է աւելի հայորդիներ յաճախած են այս վարժարանը եւ անոնց սիրտն ու հոգին լեցուած են ազգային եւ հայրենասիրական մաքրամաքուր ոգիով եւ ապրումներով:
Նմանապէս, իրաքահայերու Հայ ընտանեկան շաբաթօրեայ վարժարանը քոյր վարժարան է արեւմտեան թեմի վարժարաններուն: Մեր ուսուցիչ-ուսուցչուհիները ամէն տարի կը յաճախեն արեւմտեան թեմին կողմէ կազմակերպուած հայկական դպրոցներու մէջ պաշտօնավարող հայերէն լեզուի ուսուցիչներու որակաւորման դասընթացքներուն, ինչպէս նաեւ մեր աշակերտութիւնը եւ ծնողները կը մասնակցին արեւմտեան թեմէն ներս կազմակերպուած դպրոցական ձեռնարկներուն:
Սիրելի հայրենակիցներ, այս յօդուածը կ’ուզենք աւարտել, ծնողներուն ըսելով. «Սիրելի ծնողներ, հայ ծնիլը մեծ օրհնութիւն մըն է, հայ ապրիլը մեծ հերոսութիւն եւ պարծանք: Եկէք ձեր օրհնեալ զաւակները, որպէս հերոսներ մեծցնենք եւ անոնց մէջ հայ ըլլալու հպարտութիւն եւ պարծանք ներարկենք»:
Բարի կրթական տարի մը համայն հայութեան: