Հայերն այստեղ հաստատուած են 17-րդ դարու վերջը եւ նշանակալի աւանդ բերած քաղաքի տնտեսական եւ մշակութային զարգացման: Քաղաքին մէջ այսօր հիմնական կ՛ապրին հունգարներ եւ ռումանացիներ: Հայերու մեծ մասը հեռացած է 19-րդ դարու կէսերուն, սակայն քանի մը հայ ընտանիք կայ, կ՛ըսէ Ռումանիոյ մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերգէյ Մինասեան:
«Այսօր փաստացի քանի մը ընտանիք մնացած է, որոնք որոշ չափով պահպանած են հայկական ինքնութիւնը, բայց եկեղեցական առումով կը հանդիսանան կաթոլիկ, գրեթէ կորսնցուցած են հայոց լեզուն, կը խօսին կամ ռումաներէն, կամ հունգարերէն», — կ՛ըսէ Սերգէյ Մինասեան:
Տումպրաւենի եւ Կերլայի հայ համայնքները կ՛առանձնանան Ռումանիոյ այլ համայնքներէն, քանի որ Թրանսիլվանիա շրջանը, ուր կը գտնուին քաղաքները, տարբեր պատմական եւ քաղաքական պատճառներէ ելլելով միայն վերջին 100 տարիներուն ընթացքին Ռումանիոյ մաս կը կազմէ:
Դեսպանը յոյսով է, որ յատկապէս վերջերս զգալիօրէն աշխուժացած Ռումանիոյ հայկական միութեան գործունէութեան շնորհիւ հնարաւորութիւն կը ստեղծուի տեղի երիտասարդներուն որոշակի ծրագիրներ առաջարկել, որոնք թոյլ պիտի տան եւ՛ Հայաստան այցելել, եւ՛ մասնակցիլ կրթական եւ մշակութային համատեղ ծրագիրներուն:
Տումպրաւենի ամենայայտնի շէնքերէն մէկը 18-րդ դարու Պարոքօ ոճի Սբ. Եղիսաբէթ հայ կաթոլիկ բազիլիկ եզակի եկեղեցին է, որուն կառուցումէն յետոյ քաղաքը վերանուանուեցաւ Եղիսաբէթուպոլիս: Տաճարը մշտապէս չի գործեր, բայց ժամանակ առ ժամանակ ձեռնարկներու իրականացման վայր կը հանդիսանայ:
«Գրեթէ նոյն կարգավիճակին մէջ կը գտնուի նաեւ Կերլայի հայկական եկեղեցին, որ այս պահուն աշխարհի ամենամեծ հայկական կաթոլիկ տաճարն է: Մինչեւ 19-րդ դարու երկրորդ կէսերը` Շուշիի Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ կառուցումը, այն աշխարհի ամենամեծ հայկական եկեղեցին էր, թէեւ ոչ առաքելական»:
Յուլիսի սկիզբը Սբ. Եղիսաբէթ եկեղեցին հիւրընկալած էր արդէն աւանդոյթ դարձած պատմական համագումարը, որուն բացի հայ համայնքի ներկայացուցիչներէն կը մասնակցէին նաեւ գիտնականներ, Հայաստանի դեսպանութեան, ինչպէս նաեւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Քննարկուեցան Ռումանիոյ պատմութեան, ռումանահայ համայնքին, ներառեալ նաեւ ցեղասպանութիւն վերապրածներուն առնչուող պատմական ակնարկներ: Եղան նաեւ ուղերձներ, ինչպէս նաեւ Տումպրաւենի քաղաքապետին կողմէ: Ես եւս ներկայ էի` որպէս Հայաստանի դեսպան»:
Եկեղեցւոյ գրապահոցին մէջ կը պահուին 17-18-րդ դդ. վենետիկեան հազուագիւտ հնատիպ հայալեզու եկեղեցական եւ այլ գիրքեր, կրօնին, լեզուին եւ բնական գիտութիւններուն վերաբերող աւելի քան 2,200 հատոր իտալերէնով, հայերէնով, հունգարերէնով եւ այլ լեզուներով:
Ըստ Սերգէյ Մինասեանի, քաղաքի գլխաւոր հրապարակին վրայ գտնուող եկեղեցին այսօր վերանորոգման կարիք ունի, այցի ծիրէն ներս որոշակի պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են;
«Բաւականին մեծ գումարներու մասին է խօսքը: Քանի որ այն կաթոլիկ եկեղեցի է, մենք պիտի փորձենք միջոցներ գտնել կաթոլիկ եկեղեցւոյ, համայնքի, պետութեան, ինչու չէ նաեւ եւրոպական ինչ-որ աղբիւրներէ, որոնք կրնան նպաստել եկեղեցւոյ վերանորոգման»:
Անցեալին քաղաքին մէջ եղած է 7 հայկական եկեղեցի, որոնցմէ պահպանուած են երեքը: Ատոնցմէ երկուքը՝ այսօր կը պատկանին հայ համայնքին:
Աղբիւրը` armradio.am