Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրի ծիրէն ներս Յուլիս 22-ին` ժամը 18:00-ին, Կարապի լիճի յարակից տարածքին մէջ կը մեկնարկէ բազմաթիւ երեւանցիներու եւ զբօսաշրջիկներու կողմէ սիրուած եւ սպասուած ձմերուկի 6-րդ փառատօնը:
Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն Երեւանի քաղաքապետարանէն, արդէն աւանդական դարձած փառատօնի ծիրէն ներս հիւրերուն եւ մասնակիցներուն համար նախատեսուած է հաճելի ու հետաքրքրական ժամանց: Մեկնարկը կը տրուի շքերթ-դիմակահանդէսով, որ կ’իրականացուի ժամը 18:00-էն մինչեւ 19:00 Կարապի լիճ — Հիւսիսային պողոտայ — Կարապի լիճ յետագիծով: 19:00-ին տեղի կ’ունենայ փառատօնի բացման արարողութիւնը, որուն կը հետեւին մրցոյթներ, հիւրասիրութիւն, երաժշտական ծրագիր, ուրախ խաղեր եւ այլն:
Մրցոյթներու յաղթողները կ’արժանանան հետաքրքրական մրցանակներու: