Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արմէն Սարգսեան Ընդունած Է «Հայաստան Եւ Ռուսաստան. Իրողութիւններ, Խնդիրներ Եւ Հնարաւորութիւններ» Գիտաժողովի Մասնակիցները

 

ՀՀ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Յուլիս 20-ին ընդունած է «Հայաստան եւ Ռուսաստան. իրողութիւններ, խնդիրներ եւ հնարաւորութիւններ» գիտաժողովին մասնակցելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսաստանի գիտութիւններու ակադեմիայի Փրիմաքովի անուան Համաշխարհային տնտեսութեան եւ միջազգային
յարաբերութիւններու հիմնարկի միջազգային անվտանգութեան կեդրոնի առաջատար գիտաշխատող Սթանիսլաւ Իվանովը, Մոսկուայի միջազգային յարաբերութիւններու պետական հիմնարկի Կեդրոնական Ասիոյ եւ Աֆղանիստանի հարցերու ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Լէոնիտ Կուսեւին եւ Ռուսաստանի պետական մարդասիրական համալսարանի տարածաշրջանային եւ արտաքին քաղաքականութեան ամպիոնի վարիչ, Միջազգային հարցերով ռուսաստանեան խորհուրդի եւ Կորչաքովի հիմնադրամի փորձագէտ Սերկէյ Մարքետոնովին: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

Ողջունելով անոնց նախագահ Սարգսեան համոզում յայտնած է, որ գիտաժողովը դրական ազդեցութիւն կ’ունենայ հայ-ռուսական միջպետական յարաբերութիւններու զարգացման վրայ:
Զրուցակիցները համակարծիք եղած են, որ պէտք չէ սահմանափակուիլ ձեռք բերածով. անհրաժեշտ է հայ-ռուսական բարեկամութեան լաւագոյն աւանդոյթները պահպանելով՝ ձգտիլ առաւելագոյնս օգտագործել տարբեր ոլորտներու մէջ առկայ մեծ ներուժը, նախանշել փոխգործակցութիւնը ընդլայնելու նոր ուղիներ եւ հնարաւորութիւններ:
Հանրապետութեան նախագահը պատասխանած է հանդիպումի մասնակիցները հետաքրքրող հարցերուն:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան ողջոյնի ուղերձ յղած է «Հայաստան եւ Ռուսաստան. իրողութիւններ, խնդիրներ եւ հնարաւորութիւններ» գիտաժողովի մասնակիցներուն, ուր մասնաւորապէս ըսուած է.

«Գիտաժողովի կազմակերպումը մէկ անգամ եւս վկայում է Ռուսաստանի Դաշնութեան հետ Հայաստանի Հանրապետութեան փոխվստահելի ռազմավարական համագործակցութեան եւ այն հետագայում աւելի խորացնելու երկկողմ պատրաստակամութեան մասին:
յատկանշական է, որ միջպետական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդմանը միտուած համատեղ ջանքերը վայելում են մեր երկրների հասարակութեան լայն շրջանակների աջակցութիւնը, իսկ վստահութեան եւ փոխըմբռնման մթնոլորտը հնարաւորութիւն է ընձեռում կեանքի կոչել հեռանկարային նոր ծրագրեր:
Հայ-ռուսական դաշնակցային համագործակցութիւնը Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններից մէկն է եւ պէտք է ինտենսիւ զարգանայ՝ ի նպաստ հայ եւ ռուս ժողովուրդների շահերի»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին