Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Տիգրանակերտի Մէջ Մեկնարկած Պեղումներուն Վերաբերեալ՝ Համլէթ Պետրոսեան կը Ներկայացնէ Նախատեսուող Աշխատանքները

Տիգրանակերտի մէջ Յուլիս 10-ին մեկնարկած է պեղումներու հերթական փուլը:

Ըստ «Artsakhpress.am»-ի՝ ՀՀ գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ուսումնարանի Արցախի հնագիտական արշաւախումբի ղեկավար Համլէթ Պետրոսեան ըսած է, որ մինչ այս հնաւայրի 70 հեքթար տարածքէն պեղուած է մօտ 1.8-2 հեքթար հատուած:

«Հետազօտութեան աշխատանքները կազմակերպելու համար այս տարի ԱՀ կառավարութիւնը յատկացուցած է 10 միլիոն դրամ: Ատիկա պեղումներ իրականացնելու համար մօտաւորապէս կը բաւարարէ քսան օր՝ երեսուն հոգի կազմող արշաւախումբի մասնակցութեամբ: Ասիկա Տիգրանակերտի հետազօտութեան համար մինչ այժմ եղած ամենաքիչ նիւթական յատկացումն է: Ամէն տարի կը յաջողէի պետական նախկին նախարար Արայիկ Յարութիւնեանի աջակցութեամբ որոշ յաւելում կատարել: Եւ եթէ այս տարի որեւէ նոր գումար չաւելցուի, պիտի ունենանք Տիգրանակերտի պատմութեան ամենափոքր ծաւալի պեղումները»,- նշած է արշաւախումբին ղեկավարը:

Բացի այս բոլորը, ըստ անոր, հնարաւոր է միայն փոքրիկ ծրագիր մը հաստատել բարերարներու օգնութեամբ, որ հաւանաբար տրամադրուի անտիկ դամբարանադաշտի հետազօտութեան:

Պատասխանելով այն հարցին, թէ այս տարի հնաւայրի ո՞ր հատուածներուն վրայ պիտի իրականացուին հնագիտական հետազօտման աշխատանքները, Պետրոսեան նշած է, թէ  աշխատանքները նախ պիտի շարունակուին ամրացուած թաղամասի հիւսիսային պարսպապատի շարունակութիւնը բանալուն ուղղութեամբ: «Մենք քանի մը շաբաթ առաջ ինֆրակարմիր լուսանկարներ ըրած ենք, եւ կարծես թէ կրնանք ակնկալել, որ ապագային պիտի բանանք նաեւ պարսպապատի մուտքը, հակառակ անոր, որ ատիկա մեծ ծաւալի աշխատանք կը պահանջէ: Բացի այդ, վաղ քրիստոնէական հրապարակին վրայ քանի մը անհարթութիւն կայ, այս տարի պիտի փորձենք նաեւ անոնք հարթել»,- ընդգծած է ան:

Համլէթ Պետրոսեան նշած է, թէ նախապէս իրենք պեղած են մէկ անթիք թաղամաս: «Նմանատիպ առնուազն երեք-չորս անթիք թաղամասերու հետքեր եւս կան: Մենք այս տարի պէտք է փորձենք պեղումներ իրականացնել նոր անթիք թաղամասի տարածքին մէջ: Կախուած ժամանակի սղութենէն՝ հնարաւոր է միայն հետախուզական պեղումներ կատարուին»,- նշած է արշաւախումբի ղեկավարը:

Ըստ անոր՝ նաեւ նախատեսուած են պեղումներ իրականացնել անթիք դամբարանադաշտին մէջ, սակայն անիկա ունի ճարտարագիտական հետազօտութեան կարիք, եւ եթէ իրենք չյաջողին իրականացնել ատիկա, կամ որեւէ արդիւնք չստանան, հաւանական է, որ  փորձեն պեղել Խաչենագէտէն Տիգրանակերտ հասնող ջրանցքը, որ նաեւ փապուղիի հատուածներ ունի: «Ատիկա ժայռափոր ջրանցք է, եւ եզակի իր տեսակով, քանի որ Արարատեան դաշտէն դէպի այս կողմ նման կառոյց գոյութիւն չունի»,- ընդգծած է Համլէթ Պետրոսեան:

Թէ ի՞նչ սպասումներ ունին պեղումներու այս փուլէն՝ հնագէտը նշած է, թէ նոր բացայայտումներ հնարաւոր են, յատկապէս եթէ յաջողին անտիկ դամբարանադաշտի մէջ գոնէ քանի մը թաղում վաւերացնել: «Մեր ունեցած փորձով Տիգրանակերտի իւրաքանչիւր անտիկ թաղման վաւերացում կու տայ հնագիտական կարեւոր գտածոներ՝ խեցեղէն, զարդեր եւ դրամներ»,- նշած է ան:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին