Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ջաւախքին Նուիրուած Բարեգործական Դաշտահանդէս Նոր Ջուղայի Մէջ

Նոր Ջուղայի «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ՝ ամէն տարի կազմակերպուող Ջաւախքին եւ ջաւախահայութեան նուիրուած բարեգործական դաշտահանդէսը այս տարի կայացաւ Յունիս 29-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ»  միութեան շրջափակին մէջ:

Norjugha.ir-ը կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկի կազմակերպման գործին մէջ ընկերութեան հետ սերտ համագործակցութիւն  ցուցաբերած էր Նոր Ջուղայի հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան կեդրոնական վարչութիւնը:

Խանդավառ մթնոլորտով այս ծրագիրին մէջ նախատեսուած էին հետաքրքրական խաղեր, երգ-երաժշտութիւն եւ համեղ ուտելիքներ: Նախատեսուած էր նաեւ նուիրահաւաքի կրպակ, ուր փափաքողները առիթ ունեցան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու` ի  նպաստ Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան:

Դաշտահանդէսի հասոյթը պիտի յատկացուի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած «Ջաւախք» հիմնադրամին:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին