Նոր Ջուղայի «Հայուհեաց» բարեգործական ընկերութեան նախաձեռնութեամբ՝ ամէն տարի կազմակերպուող Ջաւախքին եւ ջաւախահայութեան նուիրուած բարեգործական դաշտահանդէսը այս տարի կայացաւ Յունիս 29-ին Նոր Ջուղայի Հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ:
Norjugha.ir-ը կը տեղեկացնէ, թէ ձեռնարկի կազմակերպման գործին մէջ ընկերութեան հետ սերտ համագործակցութիւն ցուցաբերած էր Նոր Ջուղայի հայ մարզամշակութային «Արարատ» միութեան կեդրոնական վարչութիւնը:
Խանդավառ մթնոլորտով այս ծրագիրին մէջ նախատեսուած էին հետաքրքրական խաղեր, երգ-երաժշտութիւն եւ համեղ ուտելիքներ: Նախատեսուած էր նաեւ նուիրահաւաքի կրպակ, ուր փափաքողները առիթ ունեցան իրենց սրտաբուխ նուիրատուութիւնները կատարելու` ի նպաստ Ջաւախքի եւ ջաւախահայութեան:
Դաշտահանդէսի հասոյթը պիտի յատկացուի շրջանի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ ստեղծուած «Ջաւախք» հիմնադրամին: