Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

Մամլոյ Հարցերու Քննարկում Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ

Տպագիր մամուլի առջեւ ծառացած խնդիրներու յաղթահարման ուղիներու քննարկում տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ։ Արմէնփրէսի տնօրէնն ու Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու պաշտօնաթերթերու խմբագիրները նախ դեսպան Մկրտչեանին զեկուցեցին Արմէնփրէս-լիբանանահայ մամուլ համագործակցութեան ուղիին մասին եւ ապա ներկայացուցին միջազգային տագնապը եւ բնականաբար հայ տպագիր մամուլին այսօրուան իրավիճակը, լրագրողական մարդուժի հետ կապուած դժուարութիւնները։

Այս ուղղութեամբ խորհրդակցութիւններու ձեւաչափը աւելի ընդլայնելու եւ յատուկ խորհրդաժողով կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը ընդգծուեցաւ բոլորին կողմէ։ Դեսպան Մկրտչեան իր հերթին ողջունեց կայացած համագործակցութիւնը եւ ընդգծեց համահայկական լրատուադաշտի հետ կապուած խնդիրներու լուծման համար  համակարգուած ձեւով աշխատելու հրամայականը։

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին