Հայաստանի ռուսական ռազմակայանի հետախոյզները զինուորական ջոկատի ստորաբաժանում կազմելու ծիրին մէջ յաջողած են ոչնչացնել պայմանական հակառակորդի կապի հանգոյցը՝ զօրք իջնելով բանակային օդուժի Մի-8ՄՏՇ ուղղաթիռներով:
Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, Հարաւային ռազմական միաւորումի մամուլի ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, որ պարապմունքներու նախաշեմին հետախոյզները ուսումնասիրած են վայրէջքի կարգը, ուղղաթիռին մէջ գործողութիւնները չնախատեսուած իրավիճակներու պարագային եւ գաղտնի դեսանտը պայմանական հակառակորդի թիկունքին: Գործնական պարապմունքներու ընթացքին նոր ժամանած զինծառայողները կ’իւրացնեն ուղղաթիռի վայրէջքի հրապարակի նշուած տեղը խումբերու հաւաքման եւ պայմանական հակառակորդի թիկունքին խումբերու իջեցման եւ տեղափոխման ունակութիւնները՝ բարձր լեռնային տեղանքի «ծայրայեղ» պայմաններու մէջ, ցերեկը եւ գիշերը՝ օդերեւութաբանական պարզ եւ բարդ պայմաններու մէջ: Նաեւ ուղղաթիռավարները եւ հետախոյզները կ’իւրացնեն կապի միասնական համակարգի մէջ փոխգործակցութիւնը հակառակորդի թիկունք խումբեր հանելու ժամանակ՝ օդէն կրակային պաշտպանութեամբ եւ անոնց տարահանումը առաջադրուած խնդիրները կատարելէ ետք:
Անդրկովկասի մէջ գործնական պարապմունքներու մէջ ներգրաւուած են աւելի քան 300 զինծառայող եւ 30 միաւոր ռազմական սարքաւորումներ, ներառեալ՝ բանակային օդուժի ուղղաթիռներ: