Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Երեւանի Մէջ Բացուեցաւ «Քարերու Պոեզիա. Անի» Ցուցահանդէսը

ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէի Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-ուսումնարանի «Տրդատ» սրահին մէջ երէկ երեկոյեան ժամը 17:00-ին բացուեցաւ «Քարերու պոեզիա. Անի» խորագիրով ցուցահանդէսը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ Քաղաքաշինութեան կոմիտէն:

Ցուցահանդէսին կը ներկայացուի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ խումբ մը փորձագէտներու ջանքերուն շնորհիւ հաւաքագրուած, 2016-ին UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին վրայ ընդգրկուած Անի քաղաքի շրջակայքի ճարտարապետական ժառանգութիւնը։

Ցուցահանդէսը կը գործէ կառավարական շէնք N 3 հասցէին վրայ, մուտքը՝ Հանրապետութեան փողոցի կողմէն:

Նշենք, որ ցուցահանդէսը կ’իրականացուի «Անատոլու քիւլթուր»-ի, Եւրասիա համագործակցութիւն հիմնադրամի եւ Նորվեկիոյ մշակութային ժառանգութեան հետազօտութիւններու ուսումնարանի (NIKU) համագործակցութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին