Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արցախի Ժողովուրդի Անկախութեան Եւ Ազատութեան Պայքարը Դատապարտուած Է Յաղթական Աւարտի. Շարմազանովը՝ Լեհաստանի Ծերակոյտի Փոխնախագահին

 

ՀՀ ԱԺ նախագահ տեղակալ Էդուարդ Շարմազանով Յուլիս 11-ին Ուարշաուայի մէջ հանդիպած է Լեհաստանի ծերակոյտի փոխնախագահ Միխալ Սեւերինսքիի հետ: Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ ԱԺ լրատուութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ կողմերը կարեւորած են հայ-լեհական յարաբերութիւններու զարգացումը՝ նշելով, որ խորհրդարանական ձեւաչափով համագործակցութիւնը իր ուրոյն դերն ունի երկկողմ օրակարգը հարստացնելու եւ բարեկամական կապերը աւելի խորացնելու գործին մէջ:

Էդուարդ Շարմազանովը երախտագիտութիւն յայտնած է Լեհաստանի ծերակոյտին ու խորհրդարանին՝ 2017 թուականին Լեհաստանի հայ համայնքի 650-ամեակի կապակցութեամբ յատուկ բանաձեւեր ընդունելու համար: ԱԺ փոխնախագահը նշած է, որ հայերը Լեհաստանի մէջ դարեր շարունակ ապրած եւ արարած են, ներգրաւուած են հասարակական-քաղաքական կեանքի բոլոր ոլորտներէն ներս՝ կարեւոր ներդրում ունենալով երկրի զարգացման գործին մէջ:

Խօսելով ՀՀ-ԵՄ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին մասին՝ ԱԺ նախագահի տեղակալը կարեւորած է Լեհաստանի ծերակոյտի ու խորհրդարանի կողմէ փաստաթուղթի վաւերացումը: Ան փաստած է, որ Հայաստանի ապագան ժողովրդավարական արժէքներու զարգացումն է:

Հանդիպումի ընթացքին կողմերը անդրադարձած են տարածաշրջանային մարտահրաւէրներուն: Այս թեմայի լոյսին տակ Էդուարդ Շարմազանովը մտահոգիչ համարած է Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութիւնն ու ռազմատենչ հռետորաբանութիւնը: ԱԺ փոխխօսնակը ընդգծած է, որ Հայաստանը կողմնակից է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան՝ բացառապես խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով կարգաւորման՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան ձեւաչափի մէջ, երեք յայտնի սկզբունքներուն հիման վրայ:

«Արցախի ժողովուրդի անկախութեան եւ ազատութեան պայքարը դատապարտուած է յաղթական աւարտի»,- նշած է ՀՀ ԱԺ փոխնախագահը:

Անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման խնդիրին՝ Էդուարդ Շարմազանով կարծիք յայտնած է, որ, ի տարբերութիւն Լեհաստանի, որ ճանչցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիան կը շարունակէ ժխտողականութեան քաղաքականութիւնը, ինչ որ սպառնալիք է տարածաշրջանի անվտանգութեան համար:

Հանդիպումին ներկայ եղած է Լեհաստանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Էտկար Ղազարեանը:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին