ՆԱՍԱ-ն իր բարձրագոյն պարգեւը` «Նշանակալի հանրային ծառայութեան համար» շքանշանը պիտի յանձնէ աստղագէտ, Քոռնելի համալսարանի փրոֆեսէօր Երուանդ Թերզեանին:
«Նիուզ.քոռնել» կայքը կը հաղորդէ, որ շքանշանը պիտի յանձնէ ՆԱՍԱ-ի վարիչ Ճիմ Պրայտենշթայն` ՆԱՍԱ-ի Հիուսթընի մէջ գտնուող Ճոնսընի անուան տիեզերական կեդրոնին մէջ: Յայտնի է, որ արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2 Օգոստոսին եւ պիտի հեռարձակուի «ՆԱՍԱ Թի.Վի.»-էն:
«Դոկտոր Երուանդ Թերզեան իր կեանքը նուիրած է կրթութեան, հանրային ծառայութեան եւ գիտական հետազօտութիւններուն: Ան իր խանդավառութիւնը օգտագործած է տիեզերքը ուսումնասիրելու, ուսանողներու եւ առհասարակ հանրութեան համար ոգեւորիչ փորձառութիւններ ապահովելու համար:
«Դոկտոր Երուանդ Թերզեան մեծ ազդեցութիւն ունեցած է երիտասարդ ուղեղները ոգեշնչելու եւ կրթելու հարցին մէջ:
«Այս ձեռքբերումներն ու անոր մարդկային բարձր որակները կ’ապացուցեն, որ Թերզեան արժանի է «Նշանակալի հանրային ծառայութեան համար» շքանշանին», նշուած է ՆԱՍԱ-ի` պարգեւին համար նախապատրաստուած խօսքին մէջ:
Աղբիւրը կ’աւելցնէ, որ Թերզեան 8 տարի աշխատած է ՆԱՍԱ-ի յանձնախումբերուն մէջ, 20 տարի ղեկավարած է ՆԱՍԱ-ի` Նիւ Եորքի տիեզերական դրամաշնորհներու համախմբումը, որ կը ներառէ 19 համալսարան եւ գիտական կեդրոն:
Բացի ատկէ, Թերզեան 12 տարի աստղագիտութեան նիւթով դասախօսութիւններ տուած է Ամերիկացի աստղագէտներու ընկերակցութեան անդամներուն համար` այդ ընթացքին ճամբորդելով նահանգէ-նահանգ:
Կը նշուի, որ հայազգի գիտնականը յայտնի է աստղային եղափոխութեան ոլորտին մէջ իր ուսումնասիրութիւններով, ինչպէս նաեւ հեռաւոր մոլորակային համակարգերու միջեւ ջրածնային գօտիներու յայտնագործումով:
Յայտնի է, որ Թերզեան աւելի քան 235 գիտական յօդուածի համահեղինակ է եւ 7 գիրքի խմբագիր:
Նախապէս ան իր ձեռքբերումներուն համար ՆԱՍԱ-ի կողմէ արժանացած է «Լայֆթայմ Աչիվմընթ» մրցանակին:
Թերզեան ծնած 9 Փետրուար 1939-ին Եգիպտոսի Աղեքսանդրիա քաղաքը: Հայրը հայ էր, իսկ մայրը` յոյն: Դպրոցը աւարտած է Աղեքսանդրիոյ մէջ եւ ուսանած Գահիրէի ամերիկեան համալսարանին մէջ: 1960-ին տեղափոխուած է Միացեալ Նահանգներ, 1963-ին Ինտիանա համալսարանէն ստացած է աստղագիտութեան գծով մագիստրոսի, իսկ աւելի ուշ` 1965-ին` գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: Նոյն տարին, Թերզեանի գիտական եւ մանկավարժական գործունէութիւնը կապուած է Քոռնելի համալսարանին հետ: