ՀՀ կառավարութիւնը Յուլիս 4-ին ունեցած է իր հերթական նիստը, զոր վարած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Այս մասին, ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, կը տեղեկացնեն ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:
Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «Վարչական շարք մը իրաւախախտումներու համար կիրարկուած տուգանքներու համաներման մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: ՀՀ օրէնսգիրքով ճանապարհային երթեւեկութեան անվտանգութեան բնագաւառի վարչական իրաւախախտումներու համար վարչական գործերով նախատեսուած տուգանքները մեծ թիւ կը կազմեն, որոնք վարչական գործերու հասցէատէրերուն կողմէ չեն վճարուիր` պայմանաւորուած երկրին մէջ տիրող ընկերա-տնտեսական պայմաններով: Նախագիծի ընդունման արդիւնքով վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ ՀՀ օրէնսգիրքի համապատասխան յօդուածներով նախատեսուած իրաւախախտումներ կատարած անձեր կ’ազատուին պատասխանատուութենէ: Արդարադատութեան նախարարը շեշտած է, որ խօսքը բոլոր իրաւախախտումներուն չի վերաբերիր. կան բացառութիւններ, օրինակ՝ գինով վիճակի մէջ վարելը, պետական համարանիշները ուրիշին տրամադրելը եւ շարք մը այլ սուր իրաւախախտումներ:
ՀՀ վարչապետը ի պատասխան ընդգծած է, որ նշուած հանգամանքը շատ կարեւոր է: Ան քաղաքացիներուն կոչ ըրած է սպասել, մինչեւ որ ԱԺ-ի մէջ օրէնքը ընդունուի, համոզուած, որ օրէնքը կը վերաբերի այն իրաւախախտումներուն, զորս քաղաքացին կատարած է: «Դրանից յետոյ լաւ կը լինի, որ մենք մեր ընդհանուր վարքագիծը փոխենք դէպի օրինապահութիւն: Տեսախցիկների եւ արագաչափերի հետ կապուած մենք բազմիցս բարձրաձայնել ենք առկայ խնդիրների մասին: Հիմա ոստիկանութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան հետ համատեղ եւ կառավարութիւնը մշակում են օրէնքի նախագիծ «Վարչական իրաւախախտումների մասին» ՀՀ օրէնքում որոշակի փոփոխութիւնների մասին, որոնք որոշակիօրէն կը թեթեւացնեն քաղաքացիների տուգանքային բեռը, բայց միեւնոյն ժամանակ, էականօրէն կը բարձրացնեն երթեւեկութեան մասնակիցների կարգապահութիւնը»,- ըսած է Նիկոլ Փաշինեան՝ համոզում յայտնելով, որ գործող համակարգը աւելի շատ պետական ելեւմտական նշանակութիւն ունի, քան երթեւեկութեան անվտանգութեան ապահովման: «Հիմա յստակ քաղաքականութիւն ենք որդեգրում, համաձայն որի նոր օրէնսդրութեան նպատակը լինելու է երթեւեկութեան կարգապահութեան բարձրացումը: Աշխատում ենք այդ ուղղութեամբ, ոստիկանութիւնը բաւականին լաւ առաջարկներ է արել, եւ յոյս ունեմ, որ փորձագիտական մակարդակում եւս կ’իմանանք, որ դա արդիւնաւէտ ճանապարհ է»,- յաւելած է գործադիրի ղեկավարը:
ՀՀ ոստիկանութեան պետ Վալերի Օսիբեանը տեղեկացուցած է, որ խօսքը կը վերաբերի մօտ 1.3 միլիառ դրամի շուրջ 150 հազար իրաւախախտման՝ յայտնաբերուած տեսանկարահանող եւ լուսանկարահանող սարքերով ու 12.4 միլիառ դրամի շուրջ 700 հազար իրաւախախտման՝ արձանագրուած ճանապարհապարեկային ծառայութեան կողմէ:
Նիկոլ Փաշինեան արձանագրած է, որ ասիկա չափազանց կարեւոր որոշում է, որովհետեւ եթէ մինչեւ հիմա մարդիկ չեն վճարած, կ’ենթադրուի, որ առնուազն անոնց մէկ մասը այսպէս թէ այնպէս պիտի չվճարէր, իսկ այդ չվճարելը իր ետեւէն կը բերէ որոշ հետեւանքներ՝ գոյքի կալանքներ, դատական գործընթացներ, ԴԱՀԿ գործառոյթներ:
«Այս օրէնքով մարդկանց այդ անյարմարութենէն ազատում ենք ու որդեգրում յստակ քաղաքականութիւն. մեր քաղաքականութիւնն այն չէ, որ բոլորն ազատուում են բոլոր տուգանքներից, եւ ով ինչպէս, որտեղ ուզի, կը վարի աւտոմեքենան: Դրա մասին խօսք լինել չի կարող: Խօսքը հետեւեալի մասին է, որ մինչեւ հիմա իրականացուող քաղաքականութիւնը, մեր համոզմամբ, աւելի շատ ոչ թէ երթեւեկութեան անվտանգութեանն էր վերաբերում, այլ ֆիսկալ նշանակութիւն, մարդկանցից գումար հաւաքելու խնդիր ունէր: Մեր քաղաքականութեան իմաստը փոխուում է. մենք քայլեր ենք ձեռնարկում երթեւեկութեան անվտանգութիւնը բարձրացնելու համար»,- եզրափակած է վարչապետը:
Կառավարութիւնը հաւանութիւն տուած է «ՀՀ քրէակատարողական օրէնսգիրքին մէջ փոփոխութիւն կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Օրէնքի նախագիծով՝ առանձնապէս ծանր յանցագործութեան համար որոշ ժամկէտով ազատազրկման կամ ցմահ ազատազրկման դատապարտուած անձերուն տարուան ընթացքին պիտի տրամադրուի առնուազն վեց կարճատեւ ու երկու երկարատեւ տեսակցութեան իրաւունք, որուն նպատակն է քրէական պատիժներու ոլորտին մէջ վերականգնողական արդարադատութեան սկզբունքի ներդնումն ու պատիժի նպատակներու արդիւնաւէտ իրականացումը:
Գործադիրը հաւանութիւն տուած է «Բաժնետիրական ընկերութիւններու մասին» ՀՀ օրէնքին մէջ փոփոխութիւն եւ լրացում կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան առաջարկներուն: Նախագիծի ընդունմամբ կ’ակնկալուի պահպանել աշխատանքային յարաբերութիւններու կայունութեան սկզբունքը, կանխել սեփականատիրոջ՝ վարձու աշխատողի հետ աշխատանքային յարաբերութիւնները դադրեցնելու հարցին մէջ ոչինչով պատճառաբանուած ցանկութիւնը:
Գործադիրը հաւանութիւն տուած է «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիական դատավարութեան օրէնսգիրքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Նախագիծի ընդունման արդիւնքով՝ օրէնսգիրքով պիտի նախատեսուի «Ընտանիքի մէջ բռնութեան կանխարգիլման, ընտանիքի մէջ բռնութեան ենթարկուած անձերու պաշտպանութեան եւ ընտանիքի մէջ համերաշխութեան վերականգնման մասին» ՀՀ օրէնքով սահմանուած պաշտպանական որոշման դիմումին ներկայացուող պահանջները, զանոնք քննելու կարգը, դատարանի կողմէ ընդունուող արարքները, զանոնք բողոքարկելու կարգը եւ պաշտպանական որոշման դադարման հիմքերը:
Հաւանութիւն տրուած է «Ազդարարման համակարգի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու մասին» ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Նախագիծի ընդունման արդիւնքով կ’ապահովուի ազդարարման միասնական ելեկտրոնային հարթակի պատշաճ գործարկումը:
Հաւանութիւն տրուած է «Զինուորական ծառայութեան եւ զինծառայողի կարգավիճակի մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին», ՀՀ օրէնքի նախագիծի վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութեան: Նախագիծին համաձայն՝ զինուորական պարտադիր ծառայութենէն ազատուելու իրաւունք կը ստանայ զօրակոչի ենթակայ այն քաղաքացին, որ ընտանիքի միակ մանչ զաւակն է եւ ունի Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան մարտական գործողութիւններու կամ զինուած ուժերու կամ այլ զօրքերու կամ ՀՀ միջազգային պայմանագիրերով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ տեղակայուած օտարերկրեայ պետութիւններու զինուորական ստորաբաժանումներէն ներս զինուորական ծառայութեան ընթացքին զոհուած (մահացած) ծնողք կամ եղբայր կամ քոյր:
ՀՀ կառավարութեան օրէնսդրական նախաձեռնութիւնները սահմանուած կարգով կը ներկայացուին ՀՀ ԱԺ: