Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Ջաւախքի Մէջ Վերաօծուեցաւ Սուրբ Երրորդութիւն Եկեղեցին Եւ Բացուեցաւ Զոհուած Ազատամարտիկի Յուշաքարը

Ախալքալաքի շրջանի Կուլիկամ գիւղին մէջ Յուլիս 1-ին ձեռամբ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Վազգէն եպիսկոպոս Միրզախանեանի, վերաօծուեցաւ 1865 թուականին կառուցուած Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցին: Այս մասին կը հաղորդէ Akhaltskha.net-ը։

Եկեղեցւոյ առաջին վերանորոգութիւնը կատարուած էր անցեալ դարու 90-ական թուականներուն վերջը, տեղացի Ստեփան Ուզունեանի բարերարութեամբ: Տարիներ անց, գիւղի բնակչութիւնը բաւարար չնկատելով եղած վերանորոգութիւնը, միաւորուեցաւ եւ բարերարներ Ստեփան Ուզունեանի, Ղազար Միրանեանի եւ համայնքի ուժերով ամբողջութեամբ վերանորոգեց տաճարը, բարեկարգեց եկեղեցւոյ շրջապատը, պատրաստեց հայկական զարդանախշերով հարուստ Սուրբ սեղան եւ առաւել փառաւոր տեսք տուաւ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցիին:

Նախագահութեամբ Թեմակալ առաջնորդի, մասնակցութեամբ Ախալքալաքի Սուրբ խաչ եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Տաթեւ քահանայ Մարուքեանի, ընկերակցութեամբ Դիլիսկա գիւղի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ եւ յարակից գիւղերու հոգեւոր հովիւ արժանապատիւ Տէր Տիգրան քահանայ Մխիթարեանի կատարուեցաւ եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութիւնը: Դռնբացէքի արարողութենէն ետք Սրբասուրբ միւռոնով օծուեցան Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ Սուրբ Սեղանը, Մկրտութեան աւազանը եւ 16 սիւները:

Հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ էին Վրաստանի խորհրդարանի պատգամաւոր Սամուէլ Մանուկեան, Ախալքալաքի տեղական ինքնակառավարման ներկայացուցիչներ, հիւրեր  տարբեր շրջաններէ ու գիւղերէ, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն:

Նորաբաց  եւ վերաօծուած եկեղեցւոյ մէջ անդրանիկ սուրբ պատարագի մատուցումէն ետք՝  ներկաները տեղափոխուեցան գիւղի հրապարակ, ուր կատարուեցաւ ՀՀ Ստեփանաւանի բնակիչ կուլիկամցիներու ընտանիքին մէջ ծնած եւ 1992-ին Արցախի մէջ զոհուած Արթուր Ղարիպեանի յուշաքարին բացումը, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն, որուն  ներկայ էին զոհուած երիտասարդի ազատամարտիկ ընկերները:

Այնուհետեւ իրականացաւ մշակութային ձեռնարկ, որուն ընթացքին հնչեցին հայրենասիրական բանաստեղծութիւններ, ժողովրդական եւ ազգագրական երգ ու պար տեղի եւ Հայաստանէն ժամանած շնորհալի կատարողներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանից ժամանած ազատամարտիկներու մասնակցութեամբ:
Տօնական օրուան աւարտին՝ նորաբաց հանդիսութիւններու սրահին մէջ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ հիւրասիրութիւն:

Նշենք, որ Կուլիկամը Ախալքալաքի շրջանի հայաբնակ գիւղերէն է:  Բնակչութիւնը կը զբաղի անասնապահութեամբ եւ հողագործութեամբ: Անոնց նախնիները եկած են 1830 թուականին Էրզրումի վիլայեթի Անկարիչ գիւղէն: Գիւղը ունեցած է իր եկեղեցին, որուն կից գործած է ծխական ուսումնարան:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին