Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան պետի տեղակալ Արսէն Պօղոսեան Յունիս 21-ին օդանաւ շահագործողի վկայական յանձնած է Հայաստանի մէջ հիմնադրուած «Արմէնիան հելիքոփթերս» սահմանափակ պատասխանատուութեամբ ընկերութեան: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ ԿԱ քաղաքացիական թռիչքուղիներու գլխաւոր վարչութեան մամուլի ծառայութենէն:
Ընկերութիւնը, այսուհետեւ, ամերիկեան Robinson R66 եւ մօտ ապագային նաեւ եւրոպական AIRBUS EC130T2 ուղղաթիռներով՝ ոչ կանոնաւոր (չարթըրային) չուերթներ պիտի իրականացնէ ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին, ե՛ւ Հայաստանի Հանրապետութենէն դուրս՝ ՀՀ քաղաքացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն հնարաւորութիւն ընձեռելով տեսարժան վայրերը բացայայտելու թռչունի թռիչքի բարձրութենէն:
Ընկերութեան գործունէութիւնը կրնայ նպաստել Հայաստանի մէջ փոքր թռիչքուղիներու զարգացման եւ Հայաստանի հանդէպ զբօսաշրջիկներու հետաքրքրութեան բարձրացման:
Ընկերութիւնը կը նախատեսէ, յառաջիկայ երեք տարիներուն ընթացքին իրականացնել շուրջ 10 միլիոն ԱՄՆ տոլարի ներդրում եւ ստեղծել նոր աշխատատեղեր:
Ուղղաթիռով իրականացուող չուերթներու մանրամասնութիւններուն ծանօթանալու համար կրնաք դիմել ընկերութեան: