Քեսապահայ երիտասարդ գրող Սեւան Հանէշեան-Պետուրեանի բանաստեղծութիւններուն մէջ վառ կերպով կ’արտայայտուի սէրը իր ծննդավայրին` Քեսապի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի նկատմամբ: Հեղինակի «Արեգակնատենչ հորիզոններ» բանաստեղծութիւններու առաջին ժողովածուին շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ Յունիս 15-ին Հայաստանի գրողներու միութեան յարկին տակ: Այս մասին կը հաղորդէ «Armenpress.am»-ը։
«Սեւանը ներկայիս կը բնակի ԱՄՆ, բայց անոր ծննդավայրի` Քեսապի բառուբանը, բնանկարն ու էութիւնը առկայ են անոր ստեղծագործութիւններուն մէջ: Սեւանի գործերը ընթերցելով՝ կը տեսնես ժամանակակից աշխարհի մտածողութիւնը, ինչպէս նաեւ կը զգաս արեւմտահայ, արեւելահայ գրականութեան արձագանգները: Հետաքրքրական է նաեւ Սեւանի աֆորիզմային մտածողութիւնը»,- նշեց Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան:
Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան իր հերթին նշեց, որ մասնագիտութեամբ տնտեսագէտ է, բայց լեզուի հանդէպ իր ունեցած սէրը այնքան մեծ է, որ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: «Իբրեւ հայ երիտասարդ՝ Սփիւռքի մէջ կը գիտակցինք` հողն է, որ կը պահէ մեր լեզուն: Շատերս կը փնտռենք մեր արմատները: Այդ նպատակով ուխտագնացութիւն կատարեցի Արեւմտեան Հայաստան, տեսայ մեր դարաւոր վանքերը, եկեղեցիները, որոնք այժմ փլատակ են: Այդ ուխտագնացութիւնը մեծ ազդեցութիւն ունեցաւ իմ բանաստեղծութիւններուս վրայ»,- պատմեց ան:
Բանաստեղծը խոստովանեցաւ, որ իր գործերը հոգեւոր թռիչքի, բաղձանքի, երազանքի մասին են:
Նշենք, որ Սեւան Հանէշեան-Պետուրեան ծնած է Քեսապ: Աւարտած է Լաթաքիոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժինը: Երկամեայ ծրագիրով՝ Հալէպի մէջ հայագիտութիւն ուսումնասիրած է: Այնուհետեւ մեկնած է ԱՄՆ: Անոր բանաստեղծութիւնները լոյս տեսած են Սուրիա եւ Լիբանան լոյս տեսնող բազմաթիւ թերթերու մէջ: Հայաստանի մէջ անոր բանաստեղծութիւնները տպագրուած են «Գարուն» եւ «Նարցիս» հանդէսներուն մէջ: