Շաբաթ« 9 Յունիս 2018-ի երեկոյեան ժամը 6£00-ին« Ս© Խաչ եկեղեցւոյ «Պետողլեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը՝ ներկայութեամբ գերապատիւ վարդապետներու, վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմի անդամներու, ծնողներու, հարազատներու եւ բարեկամներու:
Հանդէսը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգերով: Յովհաննէս Շիրազի «Մեր յոյսի դուռն է մայրս, մեր տան մատուռն է մայրս, մեր օրօրոցն է մայրս, մեր տան ամրոցն է մայրս, մեր տան ճրագն է մայրս, մեր արեգակն է մայրս, մեր տան աստուածն է մայրս» բառերը մէջբերելով՝ մանկապարտիզպանուհի Տիկ. Լենա Տէրտէրեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ այս հանդիսութիւնը նուիրեց «աշակերտներուն համար ամէնէն մեծարժէք անհատներուն. անոնց մայրերուն, որոնք գիշեր-ցերեկ անքուն կը մնան, քաղցր ձայնով օրօր կ’երգեն, իրենց աչքին լոյսին պէս կը խնամեն ու ծով սրտով կը սիրեն իրենց զաւակները»:
«Մամ ջան» երգին ընկերակցութեամբ շրջանաւարտ աշակերտները իրենց մայրերուն հետ մտան սրահ եւ բարձրացան բեմ: Անոնք իրենց մանկական անմեղութեամբ շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց ուսուցչուհիներուն եւ կատարեցին «Արեւի Մարդիկ» եւ «Մնաս Բարով Մանկապարտէզ» երգերը:
Վարժարանիս վարչական մեծաւոր Պարոն Արամ Գարատաղլեան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Հակառակ անարդար ու անբարենպաստ ընկերա-տնտեսական պայմաններուն, զորս երկիրն ու Լիբանանի դպրոցները կը դիմագրաւեն, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ – Հարպոյեան վարժարանը անգամ մը եւս ցոյց տուաւ իր աննկուն ու հաստատ կամքը: Դիմագրաւելով բոլոր դժուարութիւնները՝ մեր վարժարանը շարունակեց իրագործել իր ազնիւ նպատակը եւ ահաւասիկ անցնող տարեշրջանին եւս յաջողեցանք հայ բոցը վառ պահել ու զարդարել հայ մանուկին աշխարհը՝ քաջ գիտակցելով, թէ մանուկները բուրումնաւէտ ծաղիկներ են, նաեւ մեր ժողովուրդի յոյսն ու ապագան»: Ան աւելցուց, որ «հայ մանկապարտէզը կը ներկայանայ որպէս այդ անխորտակ հիմքը, որուն յենած՝ ձեր զաւակները պիտի դառնան օրինակելի հայ մարդիկ եւ հայ քրիստոնեաներ, պիտի դառնան հայ համայնքներու ղեկավարներ, հայ մշակոյթի եւ լեզուի պահապաններ, հայ դատի զինուորներ: Ձեզի կը վստահեցնենք, թէ մինչեւ այն ատեն որ հայ վարժարանները կանգուն են եւ իրեն կառչած են հայ ընտանիքներ, եւ անոր պահապան են հայ բարերարներ, նուիրեալ դաստիարակներ եւ համայն հայութիւնը` հայու ոգին պիտի շարունակէ գոյատեւել եւ մեր ժողովուրդին սիրտը պիտի շարունակէ բաբախել:
Պրն. Գարատաղլեան նաեւ վարժարանին տնօրէնութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց հայ մանուկը դաստիարակելու առաքելութիւնը ընտրած մանկապարտէզի պատասխանատու, ուսուցչուհի թէ օգնական բոլոր պաշտօնակիցներուն իրենց անվերապահ եւ անձազոհ աշխատանքին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց նիւթական թէ բարոյական աջակցութեամբ սէր, հոգատարութիւն ու գուրգուրանք ցուցաբերած են մանկապարտէզի գործունէութիւններուն նկատմամբ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բեմին վրայ գտնուող 80 մանուկներու ծնողներուն, որոնք ազգային բարձր գիտակցութեամբ եւ ի գին շատ մը զոհողութիւններու, իրենց զաւակները վստահած են հայ դպրոցին, քաջ գիտակցելով անոր կենսական կարեւորութեան: Աւարտին, Պրն. Գարատաղլեան խնդրեց բոլոր ներկաներէն, որ իր խօսքէն ետք չծափահարեն իրեն, այլ ծափահարեն այս գիտակից եւ հերոս ծնողներուն եւ մաղթեց, որ անոնց օրինակը ըլլայ վարակիչ:
Այնուհետեւ վարժարանիս տնօրէնութեան ձեռամբ կատարուեցաւ 23 շրջանաւարտներու վկայկաններու բաշխումը:
Յայտագրի երկրորդ բաժնով ծաղիկ դասարանի աշակերտները ներկայացուցին «Մօր Օրհնանքը» տրամախօսութիւնը, որուն ընթացքին անոնք հրամցուցին «Մախմուր Աղջիկ» երգին վրայ եւ «Նասսամ Ալայնա ալ Հաուա» երգը: Կոկոն դասարանը դարձեալ բեմ բարձրացաւ «Despacito» երգին պարով, բողբոջը՝ Իմ Բաժին Սէր», իսկ ծիլը՝ «Ոնց Համոզեմ»: Ծաղիկ դասարանը ելոյթ ունեցաւ «Մըշ Մաաուլ» երգով, կոկոնը՝ «Անուշ Պալես», իսկ բողբոջն ու ծիլը՝ «Մանկապարտէզ կ’երթանք մենք»: Ծաղիկ դասարանի աշակերտները անգամ մը եւս բեմ բարձրանալով պարեցին «Իմ Հայաստան Ջան» երգը, իսկ բոլոր աշակերտները խմբային ներկայացուցին «Հայ Ենք» երգը:
Հուսկ, ակադեմական եւ վարչական մեծաւորները բեմ բարձրանալով շնորհակալութիւն յայտնեցին մանկապարտէզի ամբողջ անձնակազմին ու ծաղկեփունջ նուիրեցին անոնց:
ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ