*ՄԱՐԻՆԱ ՉԻԼԱԲՈՇԵԱՆ-ՊՕՂԻԿԵԱՆ*
Տարեցները յարգելն ու խնամելը մարդկային վսեմ առաքելութիւն է։ Անոր շօշափելի օրինակը կը տեսնենք հալէպահայ երեք համայնքապետներուն հովանաւորութիւնը վայելող «Հայ Ծերանոց» հանգստեան տան մէջ:
Հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն, կազմակերպութեամբ Հայ Ծերանոցի մեծ ընտանիքին, Կիրակի, 10 Յունիս 2018-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, ԱՄԺ Տան «Անի» ճաշասրահէն ներս Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնին առիթով, պատերազմի հետեւանքով տարիներէ ի վեր չկազմակերպուող աւանդական ճաշկերոյթը այս տարի յաջողութեամբ պսակուեցաւ:
Ճաշկերոյթին ներկայ էին հայ երեք համայնքապետները, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսը, հոգեշնորհ եւ արժանապատիւ հայրեր, առաքինազարդ քոյրեր, հալէպահայ ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու եւ հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայ Ծերանոցի Տիկնաց Յանձնախումբի ատենապետուհի Մարալ Ազարիկեան: Ան ողջունելով ներկաները յայտնեց, որ ամէն տարի սովորութիւն դարձած է Յունիս ամսուն կազմակերպել շնորհակալական այս հացկերոյթը՝ ի յիշատակ Մեծն Ներսէս Հայրապետին եւ անոր օրինակին հետեւող գաղութիս զաւակներուն, որոնց նուիրատուութեամբ եւ ներդրումով կանգուն կը մնայ Հայ Ծերանոցը։ Այս ձեռնարկը հալէպահայութեան հոգեւոր ուժականութեան պատկերը կը ցոլացնէ:
Հայ Ծերանոցի խնամակալութեան խօսքը արտասանեց Արժ. Տ. Կոմիտաս Քհնյ. Տատաղլեան: Աստուածաշունչէն մէջբերում կատարելով՝ քահանայ հայրը խորհրդածութեան հրաւիրեց ներկաները՝ լուսարձակի տակ առնելով այն կապը, որ գոյութիւն ունի Մեծն Ներսէս Հայրապետի ապրած կեանքին եւ Հայ Ծերանոցի առաքելութեան մէջ՝ աւելցնելով, որ համախմբուած ենք յիշատակելու Մեծն Ներսէս Հայրապետի տօնը եւ Հայ Ծերանոցի հիմնադրութեան 95-ամեայ յոբելեանը: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց Հայ Ծերանոցի առաքելութեան մէջ իրենց ներդրումը բերող հայորդիներուն:
Հայ Ծերանոցի տնօրէն Աւօ Գաթրճեան ներկայացուց 2015-ի Յուլիսէն մինչեւ օրս Հայ Ծերանոցի գործունէութեան համառօտ տեղեկագիրը՝ զեկուցելով Հայ Ծերանոցի առողջապահական, ծառայողական, յարաբերական, եկեղեցական կեանքին, տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն ու այցելութիւններուն, պտոյտներուն եւ օժանդակութիւններուն մասին: Ան լուսարձակի տակ առաւ պատերազմի տարիներուն Հայ Ծերանոցին կրած վնասներն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ դժուարութիւններու յաղթահարման՝ ի խնդիր տարուած աշխատանքները:
Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց երեք համայնքապետներուն՝ իրենց նիւթական օժանդակութեան եւ հայրական յորդորներուն համար: Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, ՀՀ Սուրիոյ դեսպանին, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսին, ծերանոցի խնամակալութեան, Տիկնաց Յանձնախումբին, ազգային, եկեղեցական, մշակութային, բարեսիրական միութիւններուն եւ հաստատութիւններուն ու բոլոր բարերարներուն:
Ճաշկերոյթի ընթացքին զանազան երգերով հանդէս եկան հալէպահայ սիրուած երգիչներ Համբիկ Հէքիմեան, Կարօ Պէրէճիքլեան, ինչպէս նաեւ Քարէն Չիլինկիրեան-Չափանեան՝ ջերմացնելով մթնոլորտը։
Խօսք առաւ Հայ Աւետարանական Համայնքի Համայնքապետ Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան, դիտել տալով որ Հայ Ծերանոցը մեր սրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ իր լաւ թէ վատ օրերուն։ Ապա ըսաւ, որ Մեծն Ներսէսի նուիրուած այս ձեռնարկին առիթով մեր յարգանքն ու սէրը արտայայտած կ’ըլլանք մեր մամիկներուն ու պապիկներուն նկատմամբ՝ կարեւոր համարելով բարեգործութիւնը։
Վերապատուելին շնորհակալական խօսք ուղղեց Ծերանոցի Տնօրէնութեան, խնամակալութեան, Տիկնաց Յանձնախումբին եւ օրն ի բուն ծառայողներուն:
Գեղարուեստական յայտագիրով Արազ Տունկեան-Տողրամաճեան ասմունքեց Յովհաննէս Գրիգորեանի ստեղծագործութիւններէն համադրում մը, իսկ Թամար Աղայեան ասմունքեց Յովհաննէս Շիրազի «Մայր Իմ Բարի» եւ Պարոյր Սեւակի «Մօր Ձեռքերը»:
Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ՝ Գերապատիւ Տ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան իր սրտի խօսքը արտասանելով ըսաւ, որ Հայ Ծերանոցը աստուածահաճոյ հաստատութիւնը մըն է, որուն օգնելով Աստուած ալ ձեզի կ’օրհնէ: Հայ Ծերանոցը համահայկական ձեռնարկ մըն է, բոլոր հայերուն կը պատկանի, այս ձեռնարկն իսկ կը վկայ է այս մասին։
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեան եզրափակիչ իր խօսքով յայտնեց, որ Հայ Ծերանոցը պատերազմի շրջանին մեր միւս կառոյցներուն նման վնասներ կրեց, տեղէ տեղ փոխադրուեցաւ, բայց եւ այնպէս շարունակեց գոյատեւել: Այս ձեռնարկը մեկնարկն է գալիք տարիներու մեր վերելքին։ Հայ Ծերանոցը մեր սրտերուն մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւէ, ուստի անպայման պիտի վերականգնի մեր բոլորին ճիգերով:
Ան գնահատական խօսք ուղղեց Հայ Ծերանոցի անցեալի եւ ներկայի բոլոր ծառայողներուն, վարչական պատասխանատուներուն, տնօրէնութեան, բարերարներուն: Ապա սրբազան հայրը շնորհակալական խօսք ուղղեց Վ. Կիւլպէնկեան Հաստատութեան, որ իր դռները լայն բանալով գոյատեւելու առիթ տուաւ մեր ծերունիներուն։
Այս առիթով, նուիրատուութիւններ կատարուեցան Հայ Ծերանոցին։ Իշխանական նուիրատուութիւններ կատարեցին հայ երեք համայնքապետները եւ ԱՄԺ Տան խնամակալութիւնը։
«Գանձասար»