«Արի տուն» ծրագիրի մեկնարկի ժամկէտը աւելի ստոյգ կը յայտարարենք Յունիս 13-ին, բայց ամենայն հաւանականութեամբ անիկա կ’ըլլայ Օգոստոս 9-10: «Արի տուն»-ը եւ միւս ծրագիրները նախարարութեան մեր խումբի աշխատանքի ընթացքին արդիւնաւէտ պիտի ըլլան: Բոլոր այն ծրագիրները, որոնք մենք չենք կասեցուցած եւ կ’իրականացնենք, պիտի ըլլան նպատակաուղղուած գործնական արդիւնքի»,- լրագրողներու հետ ճեպազրոյցին ըսաւ ՀՀ սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան:
Անոր կարծիքով` ծրագիրի բուն նպատակը ոչ այնքան հայրենադարձութիւնն է, որքան երիտասարդներուն` հայրենիքի հետ կապի ուժեղացումը: Ատիկա եւս մէկ քայլ է Հայաստանի հետ կապը ամրապնդելու համար: Շատերը անցեալին երբեք չեն այցելած հայրենիք: «Բացի այդ, ծրագրի մէջ մտցուած է կրթական բաղադրիչ` լեզուի, պատմութեան դասընթացքներ, մշակութային ժառանգութեան ծանօթացում, ճանաչողական այցեր»,- ըսաւ նախարարն ու աւելցուց, որ կը պատրաստուին ատոնք լիովին իրագործել: