Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

ՀՀ Վարչապետը Եւ ՌԴ Դեսպանը Քննարկած Են Հայ-Ռուսական Յարաբերութիւններու Օրակարգային Շարք Մը Հարցեր

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի նորանշանակ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը: 

Ինչպէս կը փոխանցէ «Արմէնփրես»-ը, ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն կը տեղեկացնեն, որ վարչապետը շնորհաւորած է դեսպանին պատասխանատու պաշտօնին նշանակուելու կապակցութեամբ եւ վստահութիւն յայտնած, որ ՀՀ կառավարութեան հետ համագործակցութեան արդիւնքով հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կը շարունակեն զարգանալ ու ամրապնդուիլ: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ բարեկամական ու դաշնակցային յարաբերութիւններուն մէջ նոր փուլ սկսած է եւ ընդգծած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը հետամուտ է զարգացնելու փոխգործակցութիւնը բոլոր ոլորտներուն մէջ: Գործադիրի ղեկավարը կարեւորած է արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը նաեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան ու Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան շրջանակին մէջ՝ առկայ խնդիրներու լուծման, համախմբման գործընթացներու արդիւնաւէտութեան բարձրացման նպատակով:

Սերկէյ Քոփիրքինը վստահեցուցած է, որ բոլոր ջանքերը կը ներդնէ եղբայրական եւ բարեկամական երկու պետութիւններու համագործակցութեան նոր զարկ տալու համար: Դեսպանը նշած է, որ, հաշուի առնելով հայ-ռուսական պատմական յարաբերութիւններն ու ծաւալները, մեծ պատասխանատուութիւն կը զգայ նոր պաշտօնին վրայ եւ պատրաստ է ՀՀ կառավարութեան հետ աշխուժօրէն համագործակցելու՝ ի նպաստ երկու պետութիւններու կապերու աւելի խորացման:   

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը հարցեր: 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին