Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Հայաստանի Մասին Հաղորդում Պատրաստած «CNN»-ի Յայտնի Հաղորդավար Էնթընի Պուրտէյն Ինձնասպան Եղած Է

Վաթսունմէկ տարեկանին  կեանքէն հեռացաւ «CNN» հեռուստաալիքի յայտնի հաղորդավար եւ խոհարար Էնթընի Պուրտէյն: Այս տեղեկութիւնը հաստատած է «CNN»-ը:

Լրատուամիջոցի հաղորդմամբ` «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի հեղինակին մահուան պատճառը ինձնասպանութիւնն է:

Ըստ «Թերթ»-ի՝ Պուրտէյն կը գտնուէր Ֆրանսա եւ կ’աշխատէր իր հաղորդաշարի յառաջիկայ հաղորդումին վրայ: Անոր մօտ ընկերը` ֆրանսացի խոհարար Էրիք Ռիփըրթը, Պուրտէյնը մահացած յայտնաբերած է Ուրբաթ առաւօտեան` հիւրանոցի անոր սենեակին մէջ:

Ամերիկեան «CNN» հեռուստաալիքի «Էնթընի Պուրտէյն. անծանօթ վայրեր» հաղորդաշարի Մայիս 20-ի թողարկումը նուիրուած էր Հայաստանին: Էնթընի Պուրտէյն հաղորդման ծիրէն ներս այցելած է Հայաստան ու ներկայացուցած  երկրի խոհանոցը, մշակոյթն ու պատմութիւնը: Հաղորդման ընթացքին անոր ուղեկցած է հանրայայտ «System of a Down» ռոք խումբի անդամ Սերժ Թանկեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին