Հինգշաբթի, 12. 12. 2024

spot_img

«Համով-հոտով Երեւան» Հայկական Խոհանոցի Չորրորդ Փառատօնը Յունիս 10-ին

«Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրով՝ Յունիս 10-ին՝ ժամը 17:00-21:00-ին, Երեւանին մէջ արդէն 4-րդ անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի «Համով-հոտով Երեւան» հայկական խոհանոցի փառատօնը:

Երեւանի քաղաքապետարանի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ այս տարի փառատօնը պիտի իրականացուի մեթրոյի «Հանրապետութեան հրապարակ» կայարանի մօտակայ այգիին մէջ։

Փառատօնին ընթացքին առանձին տաղաւարներով պիտի ներկայացուին Երեւանի շարք մը ճաշարաններ, հայկական ազգային ու եկեղեցական 13 տաղաւար տօները, իսկ մասնակիցները հնարաւորութիւն պիտի ունենան ծանօթանալու եւ համտեսելու հայկական խոհանոցային ժառանգութեան լաւագոյն ուտեստները:

Փառատօնը կ՝իրականացուի Երեւանի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժինի եւ «Հայ խոհարարական աւանդոյթներու զարգացման աւանդոյթներու պահպանման» հասարակական կազմակերպութեան հետ համատեղ։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին