Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Յունիսմէկեան Տօնը Ղազախստանի Հայկական Համայնքէն Ներս

Ալմաթիի հայկական համայնքը անհամբերութեամբ կը սպասէ օրացոյցի «կարմիր» օրերուն, որովհետեւ ատոնք առիթ են` հայերով հաւաքուելու եւ միասին նշելու պետական ու ազգային տօները: Երեխաներու պաշտպանութեան միջազգային օրն ալ բացառութիւն չէր: «Մասիս» միութեան նախաձեռնութեամբ Յունիս 1-ին մանկական իսկական տօնահանդէս կազմակերպուած էր «Ամուրէ» ժամանցային կեդրոնին մէջ: Հրաւիրուած էին նաեւ պարուսոյցներ եւ խմբավարներ, որոնք  երեխաներուն համար կազմակերպեցին պարի, քարաոքէի, նկարչութեան վարպետութեան դասեր, նորաձեւութեան (հագուստներու) ցուցադրութիւն եւ զանազան խաղեր:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին յայտնած է Ղազախստանի հայերու «Մասիս» միութեան փոխնախագահ Արամ Նաւասարդեան, աւարտին հայկական համայնքի ղեկավարները  երեխաներուն նուիրեցին հայերէն գիրքեր, այբբենարաններ, տառադարաններ եւ  հայկական յուշանուէրներ: Ձեռնարկի մասնակիցներուն համար ելոյթ ունեցաւ նաեւ «Արաքս» պարախումբը, որ, ի դէպ, նախօրէին բարեգործական համերգ  կազմակերպած էր Ղազախստանի ՊՆ-ի Radioelectronics-ի եւ կապի ռազմաճարտարագիտական հիմնարկի համերգային դահլիճին եւ զօրամասին մէջ, իսկ  համերգի ամբողջ հասոյթը տրամադրուած էր մանկատուներու եւ Աֆղանիստանի պատերազմի վեթերաններու երեխաներուն:

Ի նշան երախտագիտութեան` Ղազախստանի հայերու միութեան «Մասիս» մշակութային կեդրոնը եւ «Արաքս» պարախումբը պարգեւատրուեցան պատուոգիրերով: Ի դէպ, այս պատուոգիրը այս տարի «Մասիս» միութեան ստացած թիւով ութերորդ պարգեւն է:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին