*ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ*
Մայիս 23 2018 երեկոյեան ՀԲԸՄ-ի Երուանդ եւ Ալիս Տեմիրճեան Կեդրոնի Ասպետներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շնորհահանդէս Անժէլ Միսիսեանի վերջերս լոյս տեսած երեք գիրքերուն՝ «Խռովքներ», «Ուսուցիչներուս Հետ» եւ «Գրական Արահետներ» գրասէր հասարակութեան ներկայութեան: Օրուան հանդիսավարն էր Հայ Աւետարանական Գոլէճի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան: Անժէլ Միսիսեանի գիրքերը հանրութեան ներկայացուց Սիփան հրատարակչատան սեփականատէր գրող Արամ Սեփեթճեան:
Հանդիսութիւնը սկսաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան քայլերգով , որմէ ետք դոկտ. Իւրնէշլեան, որ Մելգոնեանի շրջանաւարտներէն է եւ Լիբանանի Մելգոնեան Սանուց Միութեան ատենապետը, իր ներածական հակիրճ խօսքին մէջ ըսաւ.
«Սիրելի՛ մելգոնեանցիներ եւ Մելգոնեանի բարեկամներ,
Կ’ողջունեմ բոլորդ յանուն ՄԿՀ Լիբանանի Սանուց Միութեան: Կը շարունակենք հանրութեան հետ մեր հանդիպումները արժանաւոր մելգոնեանցիներու աշխատանքները ծանօթացնելու նպատակով: Քաջ կը գիտակցիմ, թէ առաջուան թափը՝ տարեկան դրութեամբ մէկ կամ աւելի նմանատիպ հանդիպումներ կազմակերպելու, թուլցած է… 13 տարիէ ի վեր փակ պահուող դպրոցը կը զգացնէ արդէն իր բացակայութիւնը:
Բարեբախտաբար, Մելգոնեանը միայն ֆիզիքական ներկայութիւն եւ հաշիւ չէ: Չեմ անգիտանար ֆիզիքական դպրոցին մեծ կարեւորութիւնը՝ իբրեւ աշակերտութիւն, կրթադաստիարակչական գործունէութիւն, ազգային առաքելութիւն, շրջանաւարտներ եւ այլն: Սակայն Մելգոնեանը նաեւ ոգեղէն ներկայութիւն է, եւ անոր ոգեղինացումը կը պարտինք իր երախտաւոր շրջանաւարտներուն եւ բարեկամներուն, որոնք տարբեր միջոցներով վառ կը պահեն այդ ոգին:
Ոգին կ’ապրի Մելգոնեան երեւոյթին հաւատարիմ անձերու մէջ եւ միջոցաւ, դպրոցը՝ իբրեւ այդպիսին, չկայ , բայց անիկա արդէն արդարօրէն վերածուած է երեւոյթի մը, զոր պէտք է ուսումնասիրել, վերլուծել եւ եզրայանգումներ կատարել անկէ՝ սփիւռքի մէջ հայ դպրոցի դերին ու ճակատագրին, հայ դպրոցի կառավարումը ստանձնած ղեկավարներու ազգային աշխարհահայեացքին եւ համաշխարհային կողմնորոշումներու, սփիւռքահայ կրթական քաղաքականութեան մշակումին մասին եւ այլն:
Մելգոնեանի ոգիով ապրող ու Մելգոնեանի ոգին ապրեցնող անհատականութիւն մըն է մեր այսօրուան հեղինակը՝ տիկին Անժէլ Ճապրայեան –Միսիսեան, որ տասնամեակներու վրայ երկարած ուսուցչական նուիրեալ աշխատանքէն ետք արդարօրէն վաստակած հանգիստի տարիները վերածեց արդիւնաւէտ գործունէութեան եւ լոյսին բերաւ իր անթառամ յուշերը եւ ի մի հաւաքեց բարեբեր տարիներու ընթացքին գրուած իր յօդուածները:
Պատիւ է մեզի համար կազմակերպումը այս շնորհանդէսին: Վարձքդ կատար տիկին Միսիսեան: Կը մաղթեմ, որ նոյն խանդավառութեամբ շարունակես աշխատանքներդ»:
Բացման խօսքէն ետք Աստղիկ Մենտիլեան կարդաց հեղինակին «Խռովքներ» գիրքէն «Հողը» պատմուածքը: Ապա կիթառի եւ քանոնի զուգանուագով Գէորգ եւ Նանոր Տէր Սարգիսեաններ ներկայացուցին հայկական մեղեդիներու շարան մը:
Անժէլ Միսիսեան գրողը ներկայացուց Արամ Սեփեթճեան՝ համառօտ տալով բովանդակութիւնը Անժէլին հեղինակած երեք գիրքերուն:
«Գրական – գեղարուեստական որեւէ ստեղծագործութիւն իր բխումը կը ստանայ հեղինակին իմացական աշխարհի շտեմարանին մէջ գոյութեան իրաւունք ստացած «յոյզ-ապրում-մտածում»-էն, որ յաջորդ հանգրուանին կ’անցնի «գրաւոր յիշատակարան»-ի»,- ըսաւ Սեփեթճեան իր խօսքի նախաբանին մէջ, ապա շարունակեց.
«Բազմավաստակ ու երկարամեայ ուսուցչուհի հայերէն լեզուի ու գրականութեան՝ Տիկին Միսիսեան կեանք մը ամբողջ ընծայաբերեց հայ դպրոցին ու մեր մշակոյթին: Եղաւ նաեւ մտաւորական աշխատակցուհին հայ պարբերական մամուլին ու գրական հանդէսներուն՝ ստորագրելով այնտեղ գրական արձակի նմոյշներ՝ պատմուածք, ակնարկ եւ յուշ-քանդակներ, ապա գրական դէմքերու նուիրուած ուսումնասիրութիւններ ու բանախօսութիւններ եւ մանաւանդ խոհագրութիւն ազգային-գրական ու պատմական այլազան նիւթերու շուրջ:
Այսօր երբ կը գտնուի իր կեանքի աշնանագեղ բերքահաւաքի մը սեմին, կը նկատէ, թէ 100-էն աւելի գրութիւններ, մաս մը անտիպ թէ տպուած մամուլին մէջ, դիզուած իր գրասեղանին վրայ արդարութիւն կը պահանջեն հեղինակէն եւ արժանի են գիրքի վերածուելու, որոնք վերջերս անոնք լոյս տեսան հետեւեալ հատորներով.
«Խռովքներ», գեղարուեստական արձակ եւ պատմուածք, 144 էջ:
«Ուսուցիչներուս Հետ», յուշ-քանդակներ, 152 էջ:
«Գրական Արահետներ», գրական խոհեր, ուսումնասիրութիւններ եւ ազգային մշակութային անդրադարձներ, 472 էջ:
«Խռովքներ» խորագիրը լաւագոյնս կը բնորոշէ Միսիսեանի գեղարուեստական արձակ էջերու այս ժողովածուն: Արտաքուստ՝ փոքր գիրք մը, որ կու գայ խոստմնալից յաւելում մը կատարելու մեր ժամանակակից գրականութեան, մանաւանդ երբ մեր շուրջ հետզհետէ կը նօսրանայ լիբանանահայ գրողներուն թիւը եւ հրատարակութիւնը անոնց գրական-ստեղծագործական երկերուն:
Սոյն հատորը կը բովանդակէ թիւով քսան գրական արձակ էջեր, յուշ-քանդակներ ու պատմուածքներ: Հեղինակը՝ իբրեւ գրականագէտ, գիտակից գրական այս սեռին իրմէ պահանջած յատկանիշերուն՝ սակաւաթիւ առիթներով ներկայացած է «Կամար» գրական-գեղարուեստական հանդէսի եւ այլ պարբերական մամուլի էջերուն:
Արդարեւ, Միսիսեանին ներկայ հատորին մէջ ակնյայտ իրականութիւն մըն է հայ մայրերուն ու մամիկներուն հոգեհարազատ ապրումներուն պաստառադրումը: Մեր ազգային արժէքներուն պահապան, յետեղեռնեան վերապրող սերունդին մեզ կտակած բարոյական անկորնչելի հարստութիւնները կենդանագրուած են այնտեղ՝ սկսած իրմով եւ իր մանկութեան յիշատակներով՝ «Խռովքներ», «Իմ Առաջին Գրադարանս», «Մեծ Մայրս», «Մայրութիւն» եւ այլն:
Կ’անցնինք Բ. հատորին:
«Ուսուցիչներուս Հետ» կամ «Մատեան Երախտիքի»՝ ձօնուած իր այն բոլոր ուսուցիչներուն, որոնք իր ուսումնառութեան տարիներուն եղան ուսուցիչ իր միտքին ու հոգիին, կերտեցին իր մէջ ապագայ հայերէնագէտն ու դաստիարակը, ամբողջական հայը՝ իր մարդկայնական զգացումներով լիացած:
Գիրքին առաջին տողերը կը նուիրէ հայերէն լեզուի իր առաջին դասատուին՝ Կիպրոսի Մելգոնեան Հաստատութենէն շրջանաւարտ նոր ուսուցիչի մը՝ Պօղոս Մատուռեանին: Միսիսեան կը յիշատակէ անունները Պէյրութէն՝ Արմէն Ղարիպին, Ռումիէի ամառնային վարժարանէն՝ Սիմոն Հովիւեանին: Կիպրոսի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան հարազատ միջավայրէն մեզի կը ներկայացնէ բարեյիշատակ Նշան Յովհաննէսեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Վահան Պէտէլեան , Սեպուհ Աբգարեան, Ագապի Նասիպեան – Էքմէքճեան եւ Վահրամ Մավեան վեցեակը:
Մելգոնեանէն Պէյրութ վերադարձին, ՀԲԸՄ-ի Երուանդ Հիւսիսեան հայագիտական հիմնարկէն ներս մօտէն կը ծանօթանայ Վահէ Վահեանին ու հայրենի փրոֆ. Մօրուս Հասրաթեանին, որոնք իր քայլերը կ’ուղղեն դէպի Երեւանի Խաչատուր Աբովեանի անուան մանկավարժական համալսարանի բանասիրական բաժանմունքը: Այստեղ է որ քսան էջերու մէջ ան կը յաջողի տալ ուրուագիծերը համալսարանի իր դասախօսներուն, որոնք գիտական մակարդակով պատրաստեցին ուսանողներու հիանալի սերունդ մը:
Անժէլ Միսիսեանի ներկայ հատորը պատգամ մըն է ուղղուած նորահաս սերունդներուն:
Գիրք երրորդ- «Գրական Արահետներ» կամ «Անժէլ Միսիսեան մտաւորականը»:
Արդարեւ, յետհամալսարանական ուսման, երբ իր ամբողջ կեանքին տարիները կը նուիրաբերէ ուսուցչական ասպարէզին, գեղարուեստական ստեղծագործ մարդու ներուժը կը տրամադրէ իրեն ուղղուած այն հրաւէրներուն, որոնք իբրեւ բանախօսութիւն կամ դասախօսութիւն պիտի պատրաստէր իր ունկնդիրներուն: Այդ բոլոր ելոյթները դուք պիտի գտնէք ամփոփուած «Գրական Արահետներ» ծաւալուն հատորին մէջ:
Սոյն հատորը (472 էջ) կը բովանդակէ ընտրանի էջերը Տիկին Միսիսեանի բանաւոր թէ գրաւոր ելոյթներուն: Ունի հիմնական ինը բաժանումներ, որոնց առաջին երեքին մէջ ընգրկուած են դասականներէն՝ Յովհ. Թումանեան, Յակոբ Պարոնեան, Սիամանթօ, Յ. Շիրազ, Ս. Կապուտակեան, Պարոյր Սեւակ եւ ժամանակակից այլ գրողներ: Այս բաժինը (125 էջ) կարելի է համարել ընթերցողին գրականագիտական ու գեղագիտական միտք ու ճաշակ հաղորդող մասը սոյն հատորին, իսկ մնացեալ ծաւալուն էջերուն մէջ կը գտնենք բազմատասնեակ յօդուածներ՝ նուիրուած հայ գիրին ու գեղարուեստին, զորս դասաւորուած են ազգային-հասարակական, գրական-գեղարուեստական, ուսուցիչ-դաստիարակի ու մտաւորական հայուհիի մը արժանի յօդուած-մտորումներու խմբաւորումներու ներքեւ:
Երէկ, քառասնամեակէ մը աւելի ան գործուն դեր մը կը վերցնէր իբրեւ ուսուցիչ հայ լեզուի ու գրականութեան, այսօր ան հայ գրականութեան կը ներկայանայ իբրեւ գրող, գրականագիտական, հրապարակագրական եւ յուշագրական յօդուածներու հեղինակ»: Արամ Սեփեթճեան իր խօսքը աւարտեց նորանոր յաջողութիւններու մաղթանքներով եւ «վարձքդ կատար, սիրելի՛ Անժէլ Միսիսեան» խօսքով:
Արամ Սեփեթճեանի վերլուծական խօսքէն ետք երկու երգով ելոյթ ունեցաւ Նանոր Մաճառեան:
Հուսկ, սրտի խօսքը գիրքերուն հեղինակ Անժէլ Ճապրայեան Միսիսեանին էր:
Ան յայտնեց, որ գիրքերը հրատարակելու գաղափարը իր մէջ ծնած է, երբ օր մը կը թղթատէր Սիլվա Կապուտիկեանի մէկ գիրքը, որուն վերնագիրն էր «Գիրս Մնայ Յիշատակող»: Այո՛, ինչո՛ւ ոչ, ամէն ինչ կը մոռցուի, բայց տպուած խօսքը՝ ոչ:
Ան ըսաւ. «Ես երջանիկ եմ այսօր, որովհետեւ կը գտնուիմ մարդոց մէջ, որոնք իրենց հոգիին մէջ հայ գիրքի պաշտամունքը ունին»: Խօսելով իր ուսուցչական ասպարէզի մասին՝ ան ըսաւ. «Ես ամբողջական նուիրաբերումով փորձեցի փոխանցել մեր մշակոյթին, մեր գրականութեան, մեր ոսկեղնիկին հմայքները բոլոր անոնց, որոնք օր մը անցան ինձմէ:
Իմ կեանքի մեծագոյն ձեռք բերումը կը նկատեմ այդ յանձնառու տղաքն ու աղջիկները, որոնք այսօր ամենուրէք կը ծառայէն հայ դպրոցին, հայ մամուլին, հայկական լրատուամիջոցներուն: Պէտք է խոստովանիմ, որ կեանքը իսկապէս բարի եղած է ինծի հանդէպ, քանի որ իբրեւ ուսուցիչ ունեցած եմ այնպիսի դէմքեր, ինչպիսին են՝ Վահէ Վահեանը, Վահրամ Մավեանը, Վահան Պէրելեանը, Սեպուհ Ապգարեանը եւ ուրիշներ, դասախօսներ՝ Մօրուս Հասաթեանը, Աշոտ Աբրահամեանը, Արարատ Ղարիպեանը, որոնք ոչ միայն գիտութեան, այլեւ մարդկայնութեան բարձրագոյն գագաթները նուաճած մարդիկ էին: Հաւատացէ՛ք, ամբողջ կեանքիս ընթացքին անոնք ընկերակցած են ինծի եւ ես միշտ համարատու զգացած եմ ինքզինքս անոնց հանդէպ:
Ես բախտաւոր եմ, որ Մելգոնեանի նայիրեան ոգիով մթնոլորտին մէջ անցան պատանեկութեանս տարիները, յագեցայ բոլոր այն գեղեցկութիւններով, որոնցմէ կրնայի զրկուած մնալ, եթէ գացած չըլլայի այդտեղ: Բայց նաեւ պիտի ուզէի, որ շարունակուէր այդ գեղեցիկ գործընթացը, այլ ոչ թէ բարերարները թագաւորէին ամայութեան մէջ, ու շէնքերու պատուհանները նայէին լոյսէ զրկուած աչքերու պէս: Ես չեմ գիտեր, թէ մեր պատմութեան մէջ եղա՞ծ է դէպք մը, ուր դպրոցի մը փակման պատճառած ցաւը այսքան երկար ժամանակ չմոռցուի անոր շրջանաւարտներուն կողմէ: Ցաւէն ծնած յոյսը առկայ է տակաւին ու կը պլպլայ իւրաքանչիւր Մելգոնեանցիի հոգիին մէջ: Կը մաղթեմ, որ առայժմ պլպլացող այդ յոյսը վերածուի ճառագայթող իրականութեան եւ Մելգոնեանը յառնէ փիւնիկի նման»:
Անժէլ Միսիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց շնորհահանդէսը կազմակերպող Լիբանանի Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Սանուց Միութեան եւ ներկաներուն, որոնք յարգած էին գիրքերու հեղինակն ու գիրքը՝ ներկայ գտնուելով շնորհահանդէսին: Շնորհակալութիւն նաեւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան, որուն սեփական վարժարաններէն մէկուն մէջ ծառայած էր երկար տարիներ: Ան ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Արամ Սեփեթճեանին, որ մեծապէս օգտակար եղած էր գիրքերու խմբագրումին մէջ ու այսօրուան իր աշխատանքին զանոնք ներկայացնելու համար: Շնորհակալութիւն Աստղիկ Մենտելեանին, Մելգոնեանցի ընկերուհիին իր տպաւորիչ ընթերցանութեան համար: Շնորհակալութիւն Նանոր եւ Գէորգ Տէր Սարգիսեաններուն, որոնք հաճելի մթնոլորտ մը ստեղծեցին՝ հայկական մեղեդիներու շարան մը ներկայացնելով :
Շնորհակալութիւն նաեւ Նանոր Մաճառեանին, որ իր երգերով խանդավառեց ներկաները:
Հանդէսի աւարտին կարդացուեցաւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտաուսումնական կեդրոնի հիմնարկին տնօրէն փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեանի շնորհաւորական գիրը՝ ուղղուած Անժէլ Միսիսեանին, անոր գիրքերու շնորհահանդէսին առիթով: