Երկուշաբթի, 13. 01. 2025

spot_img

ՀՀ Կրթութեան եւ Գիտութեան Ինչպէս նաեւ Սփիւռքի Նախարարութեան ներկայացուցիչներու Այցը Լիբանան

Մայիս 30-էն Յունիս 3 Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ տեղի ունեցաւ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարի տեղակալ Յովհաննէս Յովհաննիսեանի, ԿԳՆ Արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Կարէն Մնացականեանի, ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան Համահայկական ծրագիրներու վարչութեան գիտակրթական ծրագիրներու բաժնի պետ Սիրվարդ Համբարեանի եւ Համահայկական, միջազգային եւ եկեղեցական կառոյցներու հետ կապերու վարչութեան Համահայկական եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ կապերու բաժնի պետ Անահիտ Դաւթեանի աշխատանքային այցը Լիբանան։

Մեկնելով 2017-ին իրականացուած ծրագիրի տրամաբանական շարունակութենէն՝ հանդիպումներ կազմակեպուեցան 14 հայկական գոլէճներու, վարժարաններու տնօրէններու, ուսումնական խորհուրդներու ատենապետներու հետ, որոնք կը ներկայացնէին Հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական համայնքները: Հանդիպումներու հիմնական նպատակն էր նպաստել լիբանանահայ վարժարաններու հայապահպան գործունէութեան, փոխադարձ ճանաչողութեան, լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու ներկայ խնդիրներու, մասնաւորապէս հայագիտական նիւթերու դասաւանդման համար ուսուցիչներու վերապատրաստման, ուսումնական եւ մեթոտական գրականութեան ապահովման հարցերու շուրջ միտքերու փոխանակութեան եւ հետագայ քայլերու մշակման: Լիբանանի հայկական կրթական հաստատութիւններու տնօրէնները ՀՀ գիտակրթական բնագաւառի աշխատանքներու իրականացումով զբաղող պետական ծառայողներէն ստացան անհրաժեշտ տեղեկութիւն, ինչպէս նաեւ ներկայացուցին զիրենք յուզող խնդիրները:

Պատուիրակութիւնը Յունիս 1-ին այցելեց Այնճար: Նոյն օրը Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանատունէն ներս դեսպան Ս. Մկրտչեանի հետ կայացած հանդիպումին ընթացքին ամփոփուեցան նախնական արդիւնքները:

Պատուիրակութեան անդամները հանդիպեցան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա.-ի, Տանն Կիլիկիոյ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս-Պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի.-ի եւ ՄԱՀԱԵՄ նախագահ, վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեանի ու Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան կեդրոնական մարմինի ատենապետ, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ, վերապատուելի դոկտոր Փոլ Հայտոսթեանի հետ:

Այցելութեան ընթացքին պատուիրակութեան անդամները մասնակցեցան նաեւ համայնքային շարք մը միջոցառումներու, այցելեցին «OTV» հեռուստաընկերութիւն, լիբանանահայ «Սեւան» ռատիօկայան եւ լիբանանահայ օրաթերթերու գրասենեակներ:

Մասնագէտներու այցի ընթացքին կարելի եղաւ իրականացնել ծրագիրի գլխաւոր նպատակը՝ ստեղծել գործնական կապեր ՀՀ ԿԳՆ եւ ՍՆ համապատասխան ստորաբաժանումներու ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի մէջ գործող վարժարաններու տնօրէններուն հետ, որ պէտք է այսու ըլլայ շարունակական եւ աւելի ամրապնդէ հետագայ սերտ համագործակցութիւնը։

Տեղեկանք. այս ծրագիրը կը կրէ պարբերական բնոյթ եւ 2017-ին նման առաքելութեամբ Լիբանան այցելած էին ՀՀ առաջատար բուհերու փրոֆէսորա-դասախօսական կազմի ներկայացուցիչներ, ինչի շնորհիւ անցած տարի ՀՀ-ի մէջ արձանագրուեցաւ լիբանանահայ ուսանողներու թիւի աննախադէպ աճ. դիմորդներու թիւը կրկնապատկուեցաւ՝ հասնելով 83-ի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին