Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

ՌԱԿ Շուտով Հանդէս Պիտի Գայ Լրագրական Բազմալեզու Եւ Աւելի Հասանելի Ու Տարածուն Ցանցով

Անցնող շաբաթավերջին, ՌԱԿ Կեդրոնական Մամլոյ Մայր Դիւանի օրերս Հայրենիք այցելող անդամները  ժողով մը գումարեցին Երեւանի մէջ:

Ժողովը տեղի ունեցաւ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Երեւանի ներկայացուցչական գրասենեակին մէջ, որուն մասնակցեցան ընկ. Տոքթ. Ռաֆֆի Պալեան (Արեւմտ. Ամերիկայի ՌԱԿ «Նոր Օր» շաբաթաթերթի վարչական տնօրէն), ընկ. Տիգրան Ապասեան (Աթէնքի ՌԱԿ «Հայ Կեանք» պարբերաթերթի հիմնադիր եւ խմբագրական կազմի անդամ), ընկհի. Տիանա Տէր Կարապետեան (Արժանթինի ՌԱԿ «Սարդարապատ» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր), ընկհի. Ճենի Գրիգորեան-Բարսեղեան (Հայաստանի «ՌԱԿ Մամուլ» Հիմնադրամի տնօրէնուհի) եւ ընկ. Սեւակ Յակոբեան (Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր):

Հանդիպումը առիթ մըն էր միասնաբար քննարկելու ՌԱԿ-ի օրկանները յուզող հարցեր ու ապագայի ծրագիրներ:

Նկատի ունենալով արհեստագիտութեան շնորհած պայմանները եւ մարդուժի ու նիւթականի խնայողութեան կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ աւելի միասնական ու համակարգուած կերպով հանդէս գալու կարեւորութիւնն ու անկէ բխելիք բարիքները՝ ժողովականները որոշեցին Երեւանի մէջ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցչական գրասենեակին մէջ հաստատել միացեալ քարտուղարութիւն մը եւ համակարգումի պատասխանատու պաշտօն յառաջիկային հանդէս գալու համար նաեւ համացանցային միացեալ հրապարակումով ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնական կայքի՝ RagMamoul.net-ի ընդմէջէն, որով կարելի պիտի ըլլայ ՌԱԿ-ի խօսքը, թերթերն ու լրագրական արխիւը բազմալեզու կարելիութիւններով հասանելի դարձնել աւելի ընդարձակ ցանկով բաժանորդներու եւ ընթերցողներու աշխարհի ամբողջ տարածքին:  

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին