Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

Ամերիկահայ Ընտանիքը Ապրիլեան Պատերազմին Նահատակուած 28 Զինուորներու Զաւակներուն Տրամադրած Է Հեծիկներ

Ստեփանակերտի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ ամերիկաբնակ ամուսիններ Հրաչ եւ Նեւրիգ Գեւրիգեաններու կողմէ ապրիլեան պատերազմին զոհուած 28 զինուորներու զաւակներուն տրամադրուած են հեծիկներ:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝  Հրաչ Գեւրիգեան ըսած է, որ այդ նպատակով 56 հեծիկներ բերուած են Միացեալ Նահանգներէն:

Նուիրատուութեան համար շնորհակալութիւն յայտնելով բարերարներուն` ապրիլեան պատերազմի զոհուած կիւմրեցի հերոս Մերուժան Ստեփանեանի քոյրը` Մանիկ Ստեփանեանը, ըսած է, որ կրտսեր Մերուժանը ծնած է եղբօր զոհուելէն ետք: Այսօր ան 2 տարեկան կը դառնայ, ատիկա հաճելի նուէր էր ծննդեան տօնին առիթով:

«Այդ հեծիկներէն 18 հատը նախատեսուած է 10 տարեկանէն փոքր երեխաներու, իսկ մնացածը` աւելի բարձր տարիքի համար: Սա մեր ընտանիքի կողմէ կազմակերպուած առաջին նախաձեռնութիւնն է: Սակայն պէտք է նշեմ, որ ունեցած ենք աջակցողներ, իսկ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը վճարած է ճանապարհածախսը»,- նշած է Գեւրիգեան:

Զոհուած զինծառայողի այրի, 4 երեխաներու մայր Էլլադա Դադայեան նշած է, որ այսպիսի ծրագիրները սփոփանք են իրենց՝ կարգավիճակի մէջ գտնուող ընտանիքներու համար:

Անոր խօսքով` իրենք մշտապէս կը գտնուին հանրութեան, բարերարներու եւ պետութեան ուշադրութեան տակ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին