Երկուշաբթի, 10. 02. 2025

spot_img

Փոխան Խմբագրականի` Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակի Համահայկական Նշումին Խորհուրդը. Կառուցել Նորը Հինին Հիմերուն Վրայ

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Մայիս 28-ին նուիրուած այս խմբագրականը իր դասական ոճէն ու բովանդակութենէն դուրս գալով պիտի քննարկէ խորհուրդ մը, որ է՝ կառուցել նորը հինին հիմերուն վրայ:

Նախկինը մերժելով, նորին ինքնահաստատման պայքարը մարդկային ըլլալով հանդերձ ունի իր անպատեհութիւնները: Ան ո՛չ միայն անտեղի կը կործանէ հինը, այլ նաեւ նորը կը զրկէ կարեւոր հիմնաքարէ, առանց որուն դժուար կ’ըլլայ վերանորոգ կառոյցը պահել: Նորը ինքնաբերաբար կը հաստատուի իր արժանիքներով եւ հինը անպայմանօրէն չվարկաբեկելով:

Այս իմաստով աւելի քան ողջունելի էր Հայրենիքէն սկսեալ զանազան գաղութներու մէջ, հակառակ անցեալին եղած հակասութիւններուն, արժանի կերպով նշել Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակը, որուն հիմերուն վրայ կառուցուեցան ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ Հանրապետութիւնները:

Մինչ կ’ապրինք 100-ամեակի օրեր, Հայրենիքը ականատես եղաւ իշխանափոխութեան իւրայատուկ պարագայի: Նախկին ընդդիմութիւնը հասաւ իշխանութեան, նախկին իշխանութիւնը վերածուեցաւ ընդդիմութեան: Նախարարներ մեկնեցան, եկան նոր եւ աւելի երիտասարդ  նախարարներ, որոնք ոմանց համար լաւատեսութիւն ներշնչեցին, իսկ ուրիշներուն՝ մտահոգութիւն:

Ինչ կը վերաբերի մեզի՝ սփիւռքին, ան ունեցաւ նոր եւ երիտասարդ նախարար մը, որ եկաւ փոխարինելու հինը, որուն ձգած աւանդը մեծ է գրեթէ զերոյէն նախարարութիւն մը շինելու եւ ինքզինք գերազանցելու: Այս մասին արդարօրէն ՀՀ նորընտիր վարչապետը ինքը արտայայտուեցաւ վերջերս:

Տօնական այս մթնոլորտին երբ հայրենիքի մէջ յառաջիկայ օրերուն համար կը սպասուի նաեւ գումարումը Լրագրողներու Համահայկական 9-րդ Համաժողովին, զարմանքով կարդացինք ՀՀ Սփիւռքի նորանշանակ երիտասարդ նախարարին ընկերային համացանցի իր էջին վրայ ըրած հետեւեալ գրառումը.

 «Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ փակցուած «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար» պաստառները հանելու որոշում ենք կայացրել:

Այս կապակցութեամբ երկու բան կը ցանկանայի նշել: Նախ, մեզ համար անընդունելի է քաղաքացու հետ այս որակի շփումը, նոր Հայաստանում քաղաքացին գերագոյն արժէք է, որին հարկաւոր է վերաբերվել մեծագոյն յարգանքով, եթէ նոյնիսկ խօսքը միայն պաստառի մասին է: Քաղաքացու հետ այսօրինակ հրամայական ու կոշտ թոնն այլեւս մերժուելու է նոր Հայաստանի իշխանութիւնների կողմից»:

Այս գրառումին առնչութեամբ մեր կարգին նախ կ՛ուզենք նշել, որ «քաղաքացին գերագոյն արժէք է» արտայայտութիւնը ինքնին լոզունգային արտայայտութիւն է: Աւելին՝ ան փոփիւլիսթ տող է: Քաղաքացին ինքնագոյ երեւոյթ չէ: Քաղաքացին՝ քաղաքացի է պետութեան մէջ: Հետեւաբար որքան գերագոյն արժէք ըլլայ քաղաքացին, նոյնքան եւ աւելի գերագոյն արժէք է պետականութիւնը եւ թերեւս նաեւ ուրիշ բաներ եւս: Հետեւաբար կարելի չէ, նաեւ ճիշդ ալ չէ բացարձակեցումը մանաւանդ այս օրերուն: Յեղափոխական նման մօտեցում կարեւոր վրիպում է, որմէ՝ մեր համեստ կարծիքով, լաւ կ՛ըլլայ, որ անպայմանօրէն խուսափի մեր սիրելի նախարարը:

Անցնելով բուն խնդրին, մենք կը կարծենք, որ պարոն նախարարին գիտակցութենէն երեւի վրիպած է, որ «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար» նախաձեռնութիւնը Հոկտեմբեր 2016-ին Երեւանի եւ Արցախի մէջ գումարուած Լրագրողներու Համահայկական 8-րդ Համաժողովին նախաձեռնութիւնն էր, որ յառաջ եկաւ նախկին նախարարի ազնիւ յուշումով, երբ ան օրին  իր խօսքին մէջ նշեց, թէ ԱՄՆ նախագահ Քենետիի «Մի հարցնէր, թէ երկիրդ ի՞նչ տուած է քեզի, այլ հարցուր, թէ դուն ի՞նչ տուած ես քու երկրիդ» նշանաւոր խօսքէն տարիներ առաջ Զօրավար Անդրանիկ ըսած էր. «Ամէն օր գլուխդ բարձին դնելէ առաջ մտածէ, թէ ի՛նչ ըրած ես Հայրենիքիդ համար»:

Աւելին, յարգելի պարոն նախարարին ուշադրութենէն վրիպած էր, թէ այս նախաձեռնութիւնը լոկ պաստառ չէր, այլ ստեղծած էր համասփիւռքեան մեծ շարժում՝ յօգուտ Արցախի, որուն ընթացքին համայնքներ ամբողջ սիրով զօրաշարժի ենթարկուած էին՝ յանուն վեհ նպատակի: Հետեւաբար նման մօտեցում կրնայ ընդվզեցնել ո՛չ միայն զայն նախաձեռնողները, այլեւ ամբողջ Սփիւռքը, որոնց նախարարը ըլլալու կոչուած է յարգելի պրն. Հայրապետեանը…:

Աւելին՛ իր գրառումին մէջ յարգելի պարոն նախարարը նախաձեռնութեան լոզունգը կը նկատէր «հրամայական ու կոշտ թոն ունեցող»: Չեմ գիտեր, թէ ինք արդարացի՛ է այս պիտակաւորումով, սակայն յարգելի պարոն նախարարին նշած Նոր Հայաստանը, «յառաջ բերելու» լծուած լոզունգը «Քայլ Առա Մերժիր Սերժին» արդեօք նուա՞զ հրամայական ու կոշտ թոն ունէր լեզուական առումով…:

Անցնինք: Շուտով պարոն նախարարը մեզի զարմացուց  իր այլ գրառումներով եւս, որոնցմէ մին կը վերաբերի իր որոշումին՝ փոխելու նախարարութեան տարբերանշանը (logo)՝ այս առիթով մրցանք ալ յայտարարելով: Նաեւ իր կողմէ առնուած «Հայկական Սփիւռք» տարեգիրքին կասեցման վերաբերող որոշում մը, որ պարոն նախարարը, անոր հրատարակման պահուն,  բովանդակութեամբ ժամանակավրէպ կը նկատէ ու անտեղիօրէն ծախսալից՝ մոռնալով անոր արխիւային շատ կարեւոր արժէքը, որուն համարժէք «ժամանակավրէպ» տարեգիրքերուն ու թերթերու հաւաքածոներուն կը պարտինք իր գլխաւորած Սփիւռքի համակ պատմութիւնը..:

Ինքնահաստատումի կարիքը մարդկային է ըսինք վերը, սակայն անոր մէջ, ոմանց մեկնաբանութեամբ, անտեղի կիրք դնողը կը նպաստէ ինքն իր ձախողութեան, որ բնաւ չենք ցանկար մեր երիտասարդ նախարարին, որ իր կարեւոր ասպարէզի նախաշէմին կը գտնուի: Մենք կ՛ուզենք հաւատալ, որ յարգելի նախարարի առաջադրած նորութիւնները դրական ելակէտներէ ալ կը բխին, սակայն մեր կեանքի փորձը մեզի սորվեցուցած է, որ լաւի ցանկութիւնը անպայմանօրէն դէպի լաւը չառաջնորդէր…: Մենք կ՛ուզենք կարծել, որ պարոն Հայրապետեանը ինքն ալ շուտով պիտի անդրադառնայ, որ երկպալատեայ խորհրդարան ունենալու իր լաւ ծրագիրին առաջադրումը ահագին ոչ-դրական հակազդեցութիւն պիտի ստեղծէ ու հակասական կարծիքներու դուռ պիտի բանայ: Որքան խորհուրդ կար նորանշանակ նախարարներու համար  100 օրուան «հանգիստը»ին մէջ, որուն ընթացքին ՀՀ նախկին կառավարութիւններու նորանշանակ նախարարներ քաղաքացիական հասարակութեան դիմաց ելոյթներ չէին ունենար, որ օրէնքով սահմանուած չըլլալով հանդերձ, շատ հետաքրքրական ու օգտաշատ աւանդոյթ էր, որուն ընթացքին նշեալ նախարարը առիթը պիտի ունենար լաւ ուսումնասիրելու իր նախարարութեան շրջապատը, առանձնայատկութիւններն ու թղթածրարները եւ ապա անցնի ինքնահաստատման արդար իր իրաւունքին՝ հիմնուելով իր անձնական արժանիքներուն վրայ, որոնցմով կ՛ուզենք կարծել, որ լաւապէս օժտուած  պէտք է ըլլայ պարոն Մխիթար Հայրապետեանը, սակայն իրմէ, որուն յաջողութեան աւելի քան նախանձախնդիր ենք, երեւի նկարագրի նաեւ տարիքի ալ բերումով կը պակսին համբերութեամբ աշխատանքի ու դէպի փոփոխութիւններ աւելի զգոյշ առաջնորդուելու խոհեմութիւնը, որուն համար կ’ուզենք յուսալ, որ ինք շուտով պիտի անդրադառնայ եւ մենք բոլորս միասին ձեռք-ձեռքի պիտի կանգնենք աւելի եւս զարգացած ու ապահով՝ ապագայի Հայաստանը, որուն աւելի քան արժանի են մեր զաւակները:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին