Կիրակի, 20 Մայիս 2018-ին՝ յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 100-ամեակին աոիթով, ՀՀ Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն: Հիւրերը ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի կողմէ:
Ընդունելութեան հրաւիրուած էին հալէպահայ երեք համայնքապետները, Հալէպի հայկական կազմակերպութիւններու, բարեսիրական, մշակութային միութիւններու ներկայացուցիչները, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Վարչութիւնը եւ Թեմիս քահանայից դասը:
Բարի գալուստի իր խօսքէն ետք գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Սարգսեան ըսաւ. «Այսօր նուիրական օր է մեր հայրենիքի, համասփիւռ հայութեան համար: Մենք հաւաքուած ենք նշելու 100-ամեակը մեր ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենանշանակալի եւ բախտորոշ իրադարձութեան, հաւաքուած ենք բոլորս՝ հալէպահայ գաղութի ղեկավարներն ու ներկայացուցիչները: Հաւաքուած ենք Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի գլխաւոր հիւպատոսութեան բակը՝ մեր հայրենիքին մէջ՝ մեր բոլորի տունը»:
Այնուհետեւ իրագործուեցաւ գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիր՝ դասական երաժշտութիւն, մեներգ, ասմունք, հայկական պարերու ներկայացում: Ապա ներկաները հրաւիրուեցան վայելելու այս առիթով պատրաստուած հիւրասիրութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ շնորհաւորութիւններու փոխանակում: