Հինգշաբթի, 16. 01. 2025

spot_img

Մեր Լրատուական Գործընկեր՝ «Արմէնփրես»-ը Կ’ամփոփէ Անցնող Շաբաթուան Կարեւորագոյն Իրադարձութիւնները

Կը շարունակենք ամէն շաբաթասկիզբի համար նատեսուած մեր լրատուական շարքը, որուն միջոցաւ ամէն Երկուշաբթի մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք մեր լրատուական գործընկերոջ՝ «Արմէնփրեսի»-ի պատրաստած տուեալ թուականը նախորդող շաբաթուան կարեւորագոյն իրադարձութիւններու ամփոփումը: Արեւմտահայերէնի վերածումը՝ «Զարթօնք»ին:

«Խմբ.»

Անցնող շաբաթը գերյագեցած էր ներքին ու արտաքին բազմաթիւ ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ «Արմէնփրես»-ը կը ներկայացնէ շաբթուան կարեւորագոյն ու հետաքրքրական իրադարձութիւններու ամփոփ պատկերը:

Ղարաբաղեան հակամարտութիւն

Արցախա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գօտիին մէջ Մայիս 13-էն 19 ինկած ժամանակահատուածին յարաբերական կայուն իրադրութիւնը անփոփոխ մնացած է: 
Նշուած ժամանակահատուածին հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդը հրադադարի պահպանման ռեժիմը խախտած է շուրջ 250 անգամ՝ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 2000 կրակոց

ՊԲ հիւսիսային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցէն հրազէնային ծանր վիրաւորում ստացած է ՊԲ զինծառայող, 1998-ի ծնունդ Շամխալ Սէյրան Պետրոսեանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է ՊՆ զինուորական հիւանդանոց: Վարչապետը տեսակցութիւն ունեցած է ՊԲ զինծառայող Շամխալ Սէյրանի Պետրոսեանին հետ:

Արցախի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն հետ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութեան համաձայն՝ ԵԱՀԿ առաքելութիւնը հրադադարի ռեժիմի ծրագրային դիտարկում կատարած է Արցախի եւ Ազրպէյճանի զինուած ուժերու շփման գիծին վրայ՝ Մարտունի շրջանի Կուրոպատկինօ բնակավայրէն դէպի հիւսիս։ Դիտարկումը անցած է՝ ըստ նախատեսուած ժամանակացոյցի։

ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալ Էդուարդ Շարմազանովը հանդիպած է Զուիցերիոյ խորհրդարանի փոխխօսնակ Պիորն Սիոտերի գլխաւորած պատուիրակութեան: «Արցախի հարցը ոչ թէ տարածքային վէճ է, այլ պայքար ինքնորոշման եւ ազատութեան համար»,-ընդգծած է ՀՀ ԱԺ նախագահի տեղակալը:

Մինսքի խումբի համանախագահները կ»ակնկալեն Հայաստանի ղեկավարութեան հանդիպիլ Յունիսին: Այս մասին տեղեկացուցած են ԵԱՀԿ լրատուական ծառայութենէն: Մինսքի խումբի համանախագահներն ու ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը հանդիպած են Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետիարովին: Կողմերը քննարկած են խաղաղ գործընթացի առաջմղման ուղիները: Անձնական ներկայացուցիչը տեղեկացուցած է շփման գիծին մէջ յարաբերական կայունութեան մասին: Ազրպէյճանի ԱԳ նախարարը արտայայտած է իր երկրի պատրաստակամութիւնը, որքան կարելի է շուտ, վերսկսելու աշխոյժ բանակցութիւնները:

ՀՀ ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեան ընդունեց ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը։ ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը Հայաստանի ԱԳ նախարարին ներկայացուց Փարիզի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի հետ ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները։

ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանը հանդէս եկած է նոր յայտարարութեամբ՝ անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմ ըլլալու վերաբերեալ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանի աւելի կանուխ դրսեւորած դիրքորոշումներուն:  ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանը ի պատասխան  ըսած է: «Երբեք չեմ տառապած այն մոլուցքով, որ պէտք է որոշ բանի «հայր» համարուիմ, յատկապէս` դարերու խորքէն եկած մեր Ազգ-բանակ հայեցակարգին: Միշտ ըսած եմ այդ մասին իմ հանրային ելոյթներուս ժամանակ: Պարզապէս ըրած եմ, թէ ի՛նչը իմ ուժերուս ծիրին մէջ էր ազգ-բանակ ըլլալու իրողութիւնը արդիւնաւէտ քաղաքականութեան վերածելու համար: Հպարտ եմ, որ շատ բաներու մէջ յաջողած եմ»,- նշած է Վիգէն Սարգսեանը։ Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի ոչ պաշտօնական «2rd.am» կայքը արձագանգած է ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս կը մեղադրէ Ռոպերթ Քոչարեանը Արցախը ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման բանակցութիւններէն դուրս ձգելու մէջ:

ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը եւ ԱԳ նախարար Զօհրապ Մնացականեանը այցելած են ՀՀ հարաւ-արեւմտեան սահմանագօտի` նախիջեւանեան ուղղութեամբ տեղակայուած յենակէտ։ Այդտեղ, ծանօթանալով ռազմական իրավիճակին, ՀՀ պաշտպանութեան եւ ԱԳ նախարարները բանակային զօրամիաւորումի հրամանատարութեան հետ քննարկած են սահմանային ծառայութեան առանձնայատկութիւնները։ Հայկական երկու հանրապետութիւններու զինուած ուժերու փոխգործակցութեան եւ գորոծողութիւններու համադրման շրջանակին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը Մայիս 18-ին աշխատանքային այցով մեկնած է Արցախ:

Հայոց Ցեղասպանութեան դատապարտում

Հայաստանի մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեցին Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պոնտոսի յոյներու ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու համար Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ էին նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովին ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող պատգամաւորները` քրտական համայնքի ղեկավար Կնիազ Հասանովը, ասորական համայնքի ղեկավար Արսէն Միխայլովը, եզիտիական համայնքի ներկայացուցիչ Ռուսթամ Մախմուտեանը:

Գերմանացի պատմաբան, յայտնի ցեղասպանագէտ Հիլմար Քայզերը, որ առաւելագոյնս հետազօտած է թրքական արխիւները, կը հաւաստիացնէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին քննարկումները ներկայիս կ’ընթանան միայն քաղաքական հարթակներու վրայ: 2009 թուականէն հարցին շուրջ գիտական քննարկումերը իրենց վերջնակէտին հասած են, այլեւս անոնց կարիքը չկայ: Քայզերը Հայոց Ցեղասպանութեան փոխարէն յաճախ կ’օգտագործէ «լիակատար բնաջնջում» եզրը: «Հակառակ անոր որ թրքական կառավարութիւնը անընդհատ կը ժխտէ կատարուածը, արխիւներուն մէջ գտնուող փաստաթուղթերը հակառակը կ»ապացուցեն: Տեղեկագիրերը ամենայն մանրամասնութիւններով կը փաստարկեն հայերու զանգուածային բնաջնջումը: Միաժամանակ տարբեր պետութիւններու արխիւներ նոյն պատմութիւններուն մասին կը խօսին»,- ընդգծեց ան:

Կազայի հատուածին մէջ տեղի ունեցած դէպքերէն ետք Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ յարաբերութիւններու լարման հետեւանքով դարձեալ Քնեսեթի օրակարգին կը յայտնուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրինագիծի ընդունման հարցը: Քնեսեթի պատգամաւորներ Իցիկ Շմուլին եւ Ամիր Օհանան յայտարարած են, որ Օսմանեան կայսրութեան մէջ շուրջ 1.5 մլն հայերու սպանութիւնը պիտի ներկայացնեն որպէս ցեղասպանութիւն ճանչցող օրինագիծ: Իսրայէլի հետախուզութեան նախարար Իսրայէլ Քացը բարոյական եւ պատմական ոչ մէկ պատճառ կը տեսնէ, որպէսզի Իսրայէլը չճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Քացը ընդգծած է, որ կառավարութիւնը պէտք է աջակցի 20-րդ դարասկիզբի Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը որպէս ցեղասպանութիւն ճանչնալու եւ դատապարտելու մասին օրինագիծին: Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահուի որդին՝ Եայիր Նեթանիահուն յայտարարած է, որ Թուրքիան պատասխանատուութիւն կը կրէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար: Իսրայէլի վարչապետի որդին նման գրառում կատարած է ֆէյսպուքի իր էջին վրայ:

Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի դէմ քրէական օրէնսգիրքի տխրահռչակ 301-րդ յօդուածով հետաքննութիւն սկսած է: Հետաքննութեան շրջանակին մէջ կազմուած է զինքը անձեռնմխելիութենէն զրկելու պահանջագիր: 

Հայաստան եւ աշխարհ

ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետի պաշտօնին ընտրուելու կապակցութեամբ:  «Կ’ակնկալեմ աշխատիլ ձեզի հետ մեր երկիրներուն համար համատեղ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ ոլորտներու մջայդ կարգին՝ ամրացնել առեւտրային կապերը, ժողովրդավարական հիմնարկները եւ տարածաշրջանային անվտանգութիւնը: Կաշառակերութեան դէմ պայքարին քաղաքական կուսակցութիւնները միաւորելու գործին մէջ յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը կը նպաստեն այս ջանքերուն ու կ«ապահովեն Հայաստանի պայծառ ապագան»,- նշած է ԱՄՆ նախագահը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Հայաստանի մէջ Մեծ Բրիտանիոյ եւ Հիւսիսային Իռլանտայի Միացեալ Թագաւորութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ճուտիթ Մարկրեթ Ֆարնուորթը: Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն, կառավարութեան կազմաւորման գործընթացին եւ հայ-բրիտանական յարաբերութիւններուն առնչուող շարք մը հարցերու: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանիի հետ: Իրանի նախագահը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ վարչապետ ընտրուելու կապակցութեամբ եւ մաղթած է յաջողութիւններ այդ պատասխանատու պաշտօնին վրայ:

Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկկողմ հանդիպում ունեցած է ԵԱՏՄ-ի մէջ դիտորդ-պետութեան կարգավիճակ ունեցող Մոլտովայի Հանրապետութեան նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ: Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս տեղի ունեցած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Պելառուսի նախագահ Ալեքսանդր Լուքաշենքոյի հանդիպումը: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցած է Ղրղզստանի նախագահ Սուրոնպայ Ժինպեքովի հետ: Ղրղզստանի առաջնորդը շնորհաւորած է Նիկոլ Փաշինեանին ՀՀ կառավարութեան ղեկավարի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ եւ վստահութիւն յայտնած, որ երկկողմ յարաբերութիւնները կը շարունակեն ընդլայնուիլ ու ամրապնդուիլ: 

Ռուսաստանը Հայաստանը կը դիտարկէ որպէս կարեւոր գործընկեր ու դաշնակից տարածաշրջանին մէջ։ Այս մասին յայտարարեց ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ Սոչիի մէջ կայացած հանդիպումին: Փութին նշեց, որ ՌԴ-ն ՀՀ գլխաւոր տնտեսական գործընկերն է եւ յոյս յայտնեց, որ այդ կապերը ոչ միայն կը պահպանուին, այլեւ կը բազմապատկուին։ «Ես յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները նոյն ձեւով կը զարգանան, ինչպէս մինչեւ այժմ եղած են, մենք կը շարունակենք աշխատիլ միջազգային հարթակներու վրայ՝ սկսած ՄԱԿ-էն, ուր Հայաստանն ու Ռուսաստանը միշտ իրար աջակցած են, աւարտած տարածաշրջանային կազմակերպութիւններու մէջ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ անվտանգութեան հարցերու գծով»,- ըսաւ ՌԴ նախագահը։ Նիկոլ Փաշինեան նշած է. «Ինչ վերաբերում է Հայաստանի եւ Ռուսաստանի միջեւ դաշնակցային եւ ռազմավարական յարաբերութիւններին քննարկման ենթակայ չէ: Սկզբունքօրէն կարող եմ վստահեցնել, որ այդ հարցում Հայաստանում կայ պայմանաւորուածութիւն, եւ հայ-ռուսական յարաբերութիւնների ռազմավարական կարեւորութիւնը ոչ ոք երբեւէ չի դրել, եւ կարծում եմ, չի դնի կասկածի տակ: Մենք տրամադրուած ենք եւ լի էներկիայով՝ նոր թափ հաղորդել մեր յարաբերութիւններին ե՛ւ քաղաքական, ե՛ւ առեւտրատնտեսական ոլորտներում»:

Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրէն ներս վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ հանդիպած է  Եւրասիական տնտեսական յանձնաժողովի (ԵԱՏՀ) աշխատակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ: Աշխատանքային այցով Ռուսաստանի Դաշնութիւն գտնուող ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի հերթական նիստին:

Ներհայաստանեան զարգացումներ

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցած են կառավարութեան նորանշանակ նախարարները: Վարչապետը շնորհաւորած է անոնց՝ կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուելու կապակցութեամբ եւ նշած.  «Խնդրում եմ ձեզ հենց այսօրուանից անցնել աշխատանքի, ծանօթանալ ընթացիկ վիճակին, որպէսզի ընդհանրապէս ժամանակ չկորցնենք, որովհետեւ կան օփերաթիւ խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտ է ժամ առաջ լուծել»։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կ»ակնկալէ, որ խորհրդարանական մեծամասնութիւն կազմող Հանրապետական կուսակցութիւնը հաւանութիւն կու տայ իր կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրին: «Կարծում եմ՝ այո, հաւանութիւն կը տայ, ու մենք բնականոն կ«աշխատենք: Որեւէ մէկը չպէտք է քաղաքական իրավիճակը սխալ գնահատելու գայթակղութեանը տրուի»,- ըսաւ վարչապետը։ ՀՀԿ ԳՄ նիստէն ետք լրագրողներու հետ հանդիպումին ՀՀ Ազգային ժողովի փոխնախագահ, ՀՀԿ խօսնակ Էդուարդ Շարմազանովը անդրադարձաւ վերջին օրերուն շրջանառուող խօսակցութիւններուն՝ ՀՀԿ-ի կողմէ նոր ձեւաւորուած կառավարութեան նկատմամբ վրէժխնդրութեան հասնելու, հակայեղափոխութիւն իրականացնելու ցանկութեան վերաբերեալ: «Կ’ուզեմ նշել, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը եղած է եւ կը մնայ բացարձակապէս որպէս քաղաքական միաւոր: Մենք քաղաքական կուսակցութիւն ենք: Մենք ոչ յեղափոխական ենք, ոչ ալ հակայեղափոխական: Եւ նման եզրեր օգտագործելը իրականութեան հետ որեւէ կապ չունի: Եւ, կը խնդրեմ, բոլոր անոնք, որոնք մեր մէջ յեղափոխականներ կամ հակայեղափոխականներ կամ վրէժխնդիրներ, նման եզրեր չօգտագործեն: Մենք ոչ մենշեւիկ ենք, ոչ ալ պոլշեւիկ: Այդ ժամանակաշրջանը անցած է: Մենք քաղաքական կուսակցութիւն ենք, զբաղած ենք ու պիտի զբաղինք քաղաքական գործունէութեամբ»,- ըսաւ Շարմազանովը:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ ֆինանսներու նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Ատոմ Ջանջուղազեանը, որ մինչեւ գերատեսչութեան ղեկավարի պաշտօնին նշանակուիլը նախարարի առաջին տեղակալ, գլխաւոր գանձապետն էր: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ նախկին նախարար Վարդան Արամեանը: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՀՀ տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան աշխատակազմին ներկայացուց նորանշանակ նախարար Սուրէն Պապիկեանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է ՀՀ աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւն եւ աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Մանէ Թանդիլեանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է ՀՀ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն եւ գերատեսչութեան աշխատակազմին ներկայացուցած է նորանշանակ նախարար Հրաչեայ Ռոսթոմեանը: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար կազմին ներկայացուցած է ԱԽ նորանշանակ քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը: ՀՀ պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Վարդան Յարութիւնեանը սեփական դիմումի համաձայն ազատուած է պաշտօնէն: Կառավարութեան մէկ այլ որոշումով՝ ՊԵԿ նախագահ նշանակուեցաւ Ֆինանսներու արդէն նախկին փոխնախարար Դաւիթ Անանեանը:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրին հետ կապուած կոչ ըրած է գործերը տարանջատել՝ քաղաքականութեան հետ առնչուող գործեր, ուր չկան զոհեր, եւ գործեր, ուր կան զոհեր: Մասնաւորապէս, խօսքը կը վերաբերի «Սասնայ ծռեր»-ի գործին: ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը կարծէ, որ պէտք է յստակ ձեւակերպուի, թէ որո՛ւն դէմ ուղղուած է ՊՊԾ գունդի գրաւման գործով ճանապարհ փակող քաղաքացիներու ցոյցը: Վարչապետը նկատեց. «Ես կարծում եմ, որ ընդհանրապէս պէտք է յստակ ձեւակերպուի՝ ում դէմ է արուում այդ ամէն ինչը: Ես յստակ յայտնել եմ իմ դիրքորոշումը հանրային համերաշխութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութեան մասին: Վատն այն է, որ ձեւակերպուած չէ, թէ ում դէմ է արուում այդ ակցիան: Կան գործընթացներ, եթէ որեւէ մեկն ակնկալում է, որ ես պէտք է մտնեմ ու Քրէակատարողական հիմնարկի դռները բացեմ, դա ճիշդ մօտեցում չէ. կան ընթացակարգեր, կան մարմիններ, իրավիճակներ: Բոլոր հարցերը կը լուծուեն»:

Ընթացիկ տարուան առաջին եռամսեակի արդիւնքներով` Արցախը արձանագրած է 16.1 տոկոս տնտեսական աճ, որուն գերակշիռ մասը ապահոված են հանքարդիւնաբերութենէն եկած լրացուցիչ եկամուտները: 

Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն ոստիկանութեան բաժիններ ու ստորաբաժանումներ տարուած են բազմաթիվ քրէական «հեղինակութիւններ» ու «օրէնքով գողեր»: Գործողութիւնը ռազմական տեղեկութիւններ ստուգելու, ինչպէս նաեւ կանխարգելիչ բնոյթ ու քրէածին իրավիճակի վերահսկելիութիւնը բարձրացնելու նպատակ ունի:

Սփիւռք

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի պատուաւոր անդամ, բարերար տիկին Լուիզ Սիմոն Մանուկեանին՝ ծննդեան 85-ամեակի առթիւ։ Ուղերձին մէջ ըսուած է. «Հայաստանում, Արցախում եւ սփիւռքում Ձեզ ճանաչում ու գնահատում են որպէս արժանապատիւ բարերարի ու հայրենասէր մարդու: Հաւատարիմ ընտանեկան աւանդոյթներին, Ձեր ազգանուէր ծնողների՝ Հայաստանի Ազգային հերոս Ալեք Մանուկեանիեւ տիկին Մարի Մանուկեանի նման Դուք եւս մշտապէս զօրավիգ էք Հայրենիքին, հայ եկեղեցուն ու ժողովրդին: Ձեր անձնական ծառայութիւնները բազմապատկուել են ՀԲԸՄ-ի ներսում Ձեր հայրենաշէն գործունէութեամբ»:

Միջազգային խճանկար

Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Իրանը Ասթանայի տնտեսական համաժողովին ժամանակաւոր համաձայնագիր ստորագրած են ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ: Եւրասիական տնտեսական միութիւնը եւ Չինաստանը առեւտրատնտեսական համագործակցութեան համաձայնագիր ստորագրած են:

Թուրքիոյ բարձրագոյն ընտրական յանձնաժողովը հրապարակած է Յունիս 24-ին կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն գրանցուած թեկնածուներու վերջնական ցուցակը. երկրի նախագահի պաշտօնին համար կը մրցին վեց թեկնածուներ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրդողանի՝ Մեծ Բրիտանիա եռօրեայ այցելութիւնը ուղեկցուած է բողոքի մեծ ցոյցերով:

Կազայի հատուածին մէջ իսրայէլական զօրքերու հետ տեղի ունեցած բախումներուն հետեւանքով զոհուած պաղեստինցիներու թիւը հասած է 59-ի: Հաղորդուած է, որ ընդհարումներու հետեւանքով տուժած է աւելի քան 1.6 հազար մարդ: Կազայի հատուածին մէջ Իսրայէլի բանակի ու պաղեստինցիներու բախման հետեւանքով 59 պաղեստինցիի զոհ երթալու փաստին առնչութեամբ պաշտօնական Անգարան որոշում կայացուցած է խորհրդակցութիւններու համար ետ կանչել Թել Ավիւի եւ Ուաշինկթընի մէջ իր դեսպաններուն: Պաշտօնական Անգարան որոշում կայացուցած է ետ ուղարկել երկրին մէջ Իսրայէլի դեսպանն ու գլխաւոր հիւպատոսը: Պաշտօնական Անգարայի կողմէ նման քայլէ  ետք Իսրայէլի ԱԳՆ կանչուած է Երուսաղէմի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հիւսնիւ Կիւրճանը: Վերջինէս պահանջած են «որոշ ժամանակով բանակցութիւններու համար» վերադառնալ Թուրքիա:

ԵՄ-ի գագաթաժողովի մասնակիցները որոշում ընդունած են պաշտպանել իրանական միջուկային ծրագիրի վերաբերեալ գործարքը եւ եւրոպական ձեռնարկութիւնները պաշտպանել ԱՄՆ-ի գործողութիւններէն: Եւրայանձնաժողովը միջոցառումներու առաջին փաթեթը ընդունած է Իրանի մէջ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներէն ԵՄ-ի ընկերութիւններու պաշտպանութեան վերաբերեալ՝ իրաւաբանօրէն զանոնք լուծարելով Եւրամիութեան տարածքին: 

Եւրախորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անկախ յանձնաժողովը, որ հետաքննութիւն կ’իրականացնէր Ազրպէյճանի կաշառքի գործունէութեան վերաբերեալ, որոշում կայացուցած է խիստ պատժամիջոցներ կիրարկել չորս պատգամաւորներու, ներառեալ՝ ԵԽԽՎ-ի մէջ ազրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավար Սամեդ Սէիտովի նկատմամբ: 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին