Երեքշաբթի, 01. 07. 2025

spot_img

Վարդանեան Ընտանիքին Նուէրը` 2800-Ամեայ Երեւանին

«Վարդանեան Ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամէն կը յայտնեն, որ Մեասնիկեանի արձանի հարեւանութեամբ գտնուող այգիի վերականգնումը անշահախնդիր նուէր է մեր համաքաղաքացիներուն եւ մայրաքաղաքի հիւրերուն:

Տարածքը հիմնադրամին կողմէ վարձակալուած չէ եւ կը շարունակէ համարուիլ համայնքային սեփականութիւն:

Հիմնադրամը մէկ պայման դրած է` այգիի տարածքին 99 տարիով պէտք է արգելուի որեւէ տեսակի ձեռնարկատիրական գործունէութիւն եւ անիկա պէտք է ծառայէ միայն որպէս հանգիստի գօտի երեւանցիներու համար:

Այգիի սպասարկումն ու խնամքը մշտապէս պիտի իրականացնէ «Վարդանեան ընտանիք» բարեգործական հիմնադրամը:

Հատուած են միայն ծեր եւ հիւանդ ծառերը, իսկ առողջ 48 ծառ վերատնկուած է այգիի եզրային հատուածին մէջ: Ծառերուն քանակը պիտի քառապատկուի, իսկ կանաչ տարածքը պիտի կրկնապատկուի:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին