Իսրայէլցի պատգամաւոր Իցիկ Շմուլին «Սիոնիստական ճամբար» քաղաքական դաշինքէն Մայիս 16-ին քնեսէթի քննարկման ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծը, կը հաղորդէ «Փանարմինիըն»-ը։
Օրինագիծը շրջանառութեան մէջ դրուած է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լարուածութեան պատճառով, կը գրէ «The Jerusalem Post»-ը:
Ըստ Շմուլիի, մինչ այսօր Իսրայէլ կը խուսափէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալէն, հակառակ անոր որ այդ պատմական փաստը ճանչցած է արդէն 29 երկիր:
«Մենք չենք հանդուրժեր, որ մեզի խրատ կարդայ արիւնոտ ձեռքերով թուրք հակասեմականը, որ ամէն օր հազարաւոր քիւրտեր կը ռմբակոծէ Սուրիոյ հիւսիսը եւ որուն պետութիւնը պատասխանատուութիւն կը կրէ հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ ասորիներու դէմ պատմական ոճրագոծութիւններու համար»,- յայտարարած է Շմուլի:
Նման օրինագիծ պատրաստած է նաեւ «Լիքուտ»-էն ընտրուած պատգամաւոր Ամիր Օհանը:
Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նաֆթալի Պենեթը նոյնպէս կոչ ըրած է ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը, կը հաղորդէ «Haaretz» պարբերականը:
«Ես դիմած եմ Քնեսէթի նախագահին Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած Հայոց Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչումը Իսրայէլի կողմէ օրինականացնելու համար», – ըսած է Պենեթ:
Յիշեցնենք, Երուսաղէմի մէջ ԱՄՆ դեսպատան բացումէն ժամեր առաջ բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցան Իսրայէլի եւ Կազայի հատուածի սահմանին վրայ: Ըստ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներուն՝ Մայիս 14-ի երեկոյեան անկարգութիւններու հետեւանքով առնուազն 58 պաղեստինցնի զոհուած է, եւս 2700-ը` վիրաւորուած: Ըստ ականատեսներու՝ որոշ վայրերու մէջ պաղեստինցիները փորձած են կոտրել պատնէշները ու անցնիլ Իսրայէլի տարածք: Իսրայէլցի զինուորները կրակած են բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն վրայ:
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Իսրայէլի գործողութիւնները Կազայի մէջ «ցեղասպանութիւն» անուանած է:
Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Իսրայէլի հիւպատոսին առաջարկած է ժամանակաւորապէս լքել երկիրը: