Թուրքիոյ խորհրդարանի նախագահ Իսմայիլ Քահրաման պատասխանած է ընդդիմադիր Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամ, խորհրդարանի հայազգի պատգամաւոր Կարօ Փայլանի կոչին, որով վերջինս կոչ ըրած էր երկրի իշխանութիւններուն ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ քաղաքացիութիւն շնորհելու զոհերու ժառանգներուն:
Ինչպէս կը գրէ Պոլսոյ հայկական «Ակօս» թերթը, Քահրաման յայտարարած է, որ նման պահանջի կատարումը կը հակասէ թուրք ժողովուրդի ազգային գիտակցութեան ու պատմութեան:
Խորհրդարանի նախագահութիւնը նաեւ մեղադրած է հայազգի պատգամաւորը` «թուրք ժողովուրդի անցեալն ու Թուրքիոյ պետութիւնը վիրաւորելով խորհրդարանի կանոնակարգի 67-րդ կէտը խախտելու համար»:
Նախագահութիւնը մերժած է Փայլանի առաջարկած օրինագիծը` ետ ուղարկելով զայն պատգամաւորին` «անհրաժեշտ ուղղումներ» իրականացնելու համար:
Իր օրինագիծով Փայլան մասնաւորապէս պահանջած էր ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, բացառել հասարակական վայրերը ոճրագործներու անուններով կոչելը ու քաղաքացիութիւն շնորհել ցեղասպանութեան զոհ գացած կամ անկէ տուժած հայերու ժառանգներուն:
«Ցեղասպանութենէն ետք ողջ մնացած հայերը 103 տարիէ կը պայքարին իրենց գլխին եկած ողբերգութեան արդարութիւնը վերականգնելու համար: Սակայն ցեղասպանութենէն տուժած միլիոնաւոր հայեր արդէն հրաժեշտ տուած են կեանքին` առանց ճաշակելու արդարութեան հասնելու զգացումը: Այն վայրը, ուր պէտք է քննարկուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը, Թուրքիոյ խորհրդարանն է. երբ ատիկա կատարուի, Հայոց Ցեղասպանութիւնը պիտի դադրի դառնալէ այլ երկիրներու խորհրդարաններու թեման»,- նշած էր Փայլան: