Կիրակի, 08. 06. 2025

spot_img

BBC-ն Ներկայացուցած Է 6 Ուշագրաւ Փաստ Հայաստանի Մասին

Մինչ ներհայաստանեան իրադարձութիւնները իրենց վրայ սեւեռած են աշխարհի տարբեր յայտնի լրատուամիջոցներու ուշադրութիւնը, բրիտանական հեղինակաւոր «BBC»-ն ընթերցողներուն կը ներկայացնէ վեց հետաքրքրական փաստ Հայաստանի մասին:

Հայաստանէն դուրս ապրող հայերը աւելի շատ են, քան պետութեան մէջ բնակողները

Լրատուամիջոցը նկատել տուած է, որ երկրի բնակչութիւնը մօտ երեք միլիոն է, սակայն քանի մը միլիոն ալ կը բնակի արտասահման: «Մեծ համայնքներ կան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ»,- կը գրէ «BBC»-ն` աւելցնելով, որ հայերը վերջերս կ’երթան Ռուսիա, քանի որ ան մօտ է եւ անոնք կը խօսին ռուսերէն:

Արարատ լեռը ազգային խորհրդանիշ է

«Նոյնիսկ երբ անիկա կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին… ձիւնածածկ գագաթ ունեցող լեռը կ’երեւի Հայաստանի մայրաքաղաք Երեւանի հորիզոնին, Աստուածաշունչին մէջ անիկա կը նշուի իբրեւ վայր մը, ուր ջրհեղեղէն ետք կանգ առաւ Նոյի տապանը»,- կը գրէ լրատուամիջոցը:

Ան աշխարհի ամենավաղ քրիստոնէական քաղաքակրթութիւններէն է

«BBC»-ն կը գրէ, որ Հայաստանը առաջին երկիրն է, որ 4-րդ դարու սկիզբը պաշտօնապէս ընդունած է քրիստոնէութիւնը որպէս կրօն, եւ որ հայկական եկեղեցին բացարձակապէս ինքնավար է միւս քրիստոնէական եկեղեցիներէն:

Շախմատի ուսուցումը պարտադիր է

2011 թուականէն Հայաստանի մէջ երեխաները պարտադիր ունին շախմատի դասեր: Ներկայիս անիկա դպրոցներուն մէջ ունի որակաւորում ունեցող աւելի քան 3000 շախմատի ուսուցիչներ:

Ան կը հպարտանայ իր քոնեակով

Բրիտանական լրատուամիջոցը կը գրէ, որ Երկրորդ աշխարհամարտի ժամանակ Խորհրդային Միութեան առաջնորդ Իոսիֆ Սթալինը Մեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Ուինսթըն Չըրչըլին որպէս նուէր քանի մը տասնեակ անգամ հայկական քոնեակ ուղարկած է: Շատ տարիներ անց` 2013-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քեմըրոնին տուաւ հայկական քոնեակի շիշ մը` վերյիշելով այդ պատմութիւնը:

Շատ յայտնի մարդիկ ունին հայկական արմատներ

Լրատուամիջոցը անոնց շարքին կը յիշատակէ յայտնի ֆրանսահայ երաժիշտ Շառլ Ազնաւուրը, Ճատրակի ՎարպետԿարի Քասփարովը, երգիչ Շերը եւ  Քիմ Քարտաշեանը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին