Վերջերս ընկերային կարգ մը ցանցերու վրայ յայտնաբերուած որոշ հաղորդումներ կը հակասեն բացայայտ իրականութեան. հարցը առնչուած է Մխիթարեան Միաբանութեան Պէյրութի նորաբաց վարժարանին հետ:
300-ամեայ մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական հարուստ վաստակ ունեցող Մխիթարեան Միաբանութիւնը, որ 2000 թուականին միախմբեց Վենետիկի եւ Վիեննայի իր զոյգ ճիւղերը, ամբողջական ու կատարեալ միութեամբ, կը ծանուցանէ, թէ Լիբանանի մէջ ունի երեք կառոյցներ՝ Պիքֆայայի, Հազմիէի եւ Ռաուտայի մէջ:
Վերջին տարիներուն, Ռաուտայի Մխիթարեան դպրեվանքը տեղափոխուած է Պիքֆայայի ամառանոցի շէնքը՝ այդտեղէն շարունակելու համար իր առաքելութիւնը:
Միւս կողմէ, Հազմիէի Մխիթարեան դպրոցը վերջին երկու տասնամեակներուն սկսած է բազմատեսակ դժուարութիւններու դէմ հանդիման գտնուիլ, որոնցմէ գլխաւորն է դպրոցին աշխարհագրական դիրքն ու այդ թաղամասի հայութեան թիւի նօսրացումը:
Քաջատեղեակ ենք, որ դպրոցի տնօրէնութիւնը տարիներ շարունակ ամէն ջանք ի գործ դրած է դիմագրաւելու տնտեսական դժուարութիւնները եւ ապահովելու վարժարանին գոյատեւումը: Այս նպատակով, վարժարանի հողաշերտերէն բաժին մը՝ հասութաբեր վարձակալութեամբ, ապահոված է կարօտեալ սաներու կրթաթոշակը: Բարիքի աղբիւր մը, որմէ օգտուած են մասնաւորաբար օտարազգի աշակերտները, որոնք ներկայիս կը կազմեն դպրոցին առաւելագոյն տոկոսը:
Ուստի, այս մտահոգութենէն մղուած եւ արմատական լուծում գտնելու դիտաւորութեամբ Միաբանութիւնը որոշում կայացուցած է վարժարանին դիրքը տեղափոխել Ռաուտայի աւելի հայահոծ շրջան եւ հոն վերանորոգ դպրոցին մէջ շարունակել Մխիթարեան կրթադաստիարակչական երկարամեայ աւանդը նոր տնօրէնութեամբ ու անձնակազմով՝ տրամադրելով բարձրորակ ուսում, որակեալ կրթութիւն եւ դառնալով 21-րդ դարու չափանիշներով օժտուած հայաշունչ դարբնոց:
Այսու պաշտօնապէս կը յայտարարենք Մխիթարեան Վարժարանի մեծ ընտանիքին եւ ընդհանրապէս բոլոր անոնց, որոնք սէր ու յարգանք կը տածեն Մխիթարեան Միաբանութեան եւ անոր կրթական առաքելութեան, ընդդէմ հրապարակ ելած բոլոր թիւր կարծիքներուն ու տարաձայնութիւններուն, որ կը գուժէին Հազմիէի Մխիթարեան վարժարանին փակումը, թէ նման վարկած մը ամբողջովին անհիմն է:
Մխիթարեան վարժարանը ո՛չ պիտի փակուի, ո՛չ ալ հողատարածքը վաճառքի է: Այդ տարաձայնութիւնը բոլորովին զուրկ է ճշմարտութենէ:
Արդարեւ, Միաբանութեան նշանակուած Պապական Պատուիրակին որոշումով՝ Մխիթարեան վարժարանի 2018-2019 կրթական տարեշրջանի վերամուտը պիտի կատարուի վերանորոգ դպրոցի շէնքին, մէջ որ կը գտնուի Ռաուտայի բարձունքին վրայ, բնութեան գիրկը եւ Սրբուհի Ռիթայի ուխտավայրին կից:
Դպրոցի ծրագրին անմիջապէս պիտի յաջորդէ, 2018-ի վերջաւորութեան, հայկական ճարտարապետութեամբ նոր եկեղեցւոյ կառուցումը, որ հպարտառիթ երեւոյթ մը պիտի ըլլայ ոչ միայն մխիթարեանականներու, այլ նաեւ համայն լիբանանահայութեան:
Հետեւաբար, մեր միտումն է լուսարձակի տակ առնել ամբողջ իրականութիւնը՝ տեղի չտալով որեւէ թիւրիմացութեան եւ տարաձայնութեան, մաղթելով եւ խնդրելով բոլոր մխիթարեանականներէն եւ լիբանանահայ գաղութին բարիքը ցանկացող անհատներէն միանալ մեզի՝ ի հզօրութիւն հայ ազգին ու դպրոցին եւ ի պայծառութիւն հայ եկեղեցւոյ ու անոր հովանիին տակ գործող Մխիթարեան Միաբանութեան:
Հ. Մեսրոպ Թ. Ծ. Վրդ. Սիւլահեան
Մեծաւոր
Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի
Մխիթարեան Միաբանութեան