Երեքշաբթի, 17. 06. 2025

spot_img

Նախագահը Կը Շարունակէ Հանդիպումները Ներքաղաքական Լարուածութիւնը Մեղմացնելու Եւ Լուծումներ Գտնելու Նպատակով

Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ խորհրդակցութիւններու շարքը ներքաղաքական լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ լուծումներ գտնելու նպատակով:

Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին յայտնած են ՀՀ նախագահի գրասենեակէն, նախագահ Սարգսեան հանդիպումներ ունեցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՀԿ փոխնախագահ Կարէն Կարապետեանի հետ:

Հանդիպումները կը կրեն կառուցողական բնոյթ: Հանրապետութեան նախագահը յոյս ունի, որ համատեղ ջանքերով կարելի կ’ըլլայ գտնել փոխընդունելի լուծում:

Նախագահը կ’ողջունէ Վեհափառ Հայրապետի հանդիպումը Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Ան միաժամանակ կը քաջալերէ բոլոր քաղաքական ուժերուն, հասարակական կազմակերպութիւններուն եւ անհատներուն ջանքերը, որոնք կը միտին ստեղծուած իրավիճակին մէջ տրամաբանական եւ ողջամիտ հանգուցալուծման հասնելու:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին