ՍՈՆԱ ԱԲՈՒՆՑ
ԵՊՀ լրագրութեան բաժնի
2-րդ դասընթացքի ուսանողուհի
ԵՀՊ Հայագիտական հետազօտութիւններու հիմնարկի պատուիրակութիւնը կը շարունակէ ընդլայնել համագործակցութեան շրջանակները, աշխատանքային այցերը, մասնագիտական փորձուսման ձեռքբերումը Լիբանանի մէջ: Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանէն ետք ուսանողները դասաւանդեցին նաեւ գործընկեր Լիբանանի Հայոց Առաջնորդարանի նորաբաց Ազգային Միացեալ վարժարանի 8-րդ, 9-րդ, 10-րդ դասարաններուն մէջ: Վարժարանի տնօրէն Գրիգոր Էքմեքճեանի եւ հայագիտական նիւթերու ուսուցիչներու հետ քննարկուեցան ուսուցիչներու վերապատրաստման, դաշտի մօտեցման խնդիրներուն, Սփիւռքի մէջ դասաւանդուող դասագիրքերու բովանդակային հարցերը: Խնդիրներուն մասին խօսելու ժամանակ ՀՀԻ փոխտնօրէն Մհեր Յովհաննիսեանը կարեւորեց գործակցութիւնը «Սփիւռք» ամառնային դպրոցի, «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր», «Ցեղասպանագիտութիւն» հեռաուսուցման ծրագիրներու ծիրէն ներս՝ կոչ ընելով աւելի աշխոյժ մասնակցութիւն ցուցաբերել անոնց մէջ: Քննարկման հարցերէն էր նաեւ Հայաստանի մէջ լիբանանահայ ուսանողներու ուսումնառութիւնը, մասնաւորապէս պատմութեան գծով, որուն արդիւնքով Սփիւռքի մէջ ուսուցչութեամբ զբաղելու համար կը պատրաստուին արհեստավարժ մանկավարժներ: Այս առիթով Մհեր Յովհաննիսեանը դպրոցի ուսուցչական կազմին ներկայացուց սփիւռքահայ ուսանողներուն համար համալսարանին մէջ իրականացուող ծրագիրներն ու հնարաւորութիւնները:
Մհեր Յովհաննիսեանը միջանկայլ հանդիպում ունեցաւ նաեւ Հայ համալսարանաւարտներու համախմբման վարչութեան հետ՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Յակոբ Հանդեանի: Քննարկուեցան համալսարանականներու գործակցութեան հնարաւորութիւնները, նախանշուեցան զանոնք իրական դաշտ բերող յստակ քայլերը:
Օրուան աշխատանքային շղթայի յաջորդ օղակը Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան վարժարանն էր: Վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեանը, ակադեմական մեծաւորուհի Նելլի Տէր Ղազարեանը եւ շարք մը ուսուցիչներ Մհեր Յովհաննիսեանի հետ եւս քննարկեցին օրակարգային նոյն հարցերը: Հանդիպումի աւարտին կողմերը ստորագրեցին համագործակցութեան պայմանագիր վարժարանի տնօրէն Գերյարգելի Հայր Եղիա ծ․ վրդ․ Եղիայեանի հետ: Զուգահեռաբար ՀՀԻ ուսանողները Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայական դասեր վարեցին 8-րդ եւ 10-րդ դասարաններուն մէջ:
Օրուան երկրորդ կէսը կարեւորուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեանի հետ արդէն բարի աւանդոյթ դարձած հանդիպումներով: Վեհափառ Հօր հետ հանդիպումին ժամանակ քննարկուեցան պատուիրակութեան այցի մանրամասնութիւնները եւ Կաթողիկոսարանի հովանիին ներքոյ գտնուող կրթական կառոյցներուն հետ գործակցութեան հարցերը: Յատկանշական է, որ ԵՊՀ-ի հետ թէ՛ Լիբանանի Հայոց թեմի ազգային վարժարաններուն, թէ՛ Դպրեվանքի գործակցութիւնը հաստատուած է տակաւին 2014-15-էն: Վեհափառը իր օրհնութիւնը տալով խիստ կարեւորեց հայ կրթական միջավայրին մէջ արդիւնաւէտ փոխգործակցութիւնը:
ՀՀ դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, ծանօթանալով խումբի՝ Լիբանան կատարած աշխատանքային այցի նպատակներուն, յաջողութիւն մաղթեց պատուիրակութեան՝ նախատեսուած ծրագիրներուն մէջ հնարաւորինս աջակցելու պատրաստակամութիւն յայտնելով:
Օրուան հանդիպումներուն շարքը աւարտեցաւ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ: ՀՀԻ Ցեղասպանագիտութեան մագիստրոսական ծրագիրի ուսանողները թեմայական զեկուցումներով հանդէս եկան Հայոց Ցեղասպանութեան հարցերուն շուրջ Հայ Կաթողիկէ համալսարանականներու միութեան կազմակերպած կլոր-սեղան քննարկումին:
Աւելցնենք, որ պատուիրակութեան «Զարթօնք»ի մէջ փորձուսման եւ լիբանանահայ համայնքի հետ գիտաճանաչողական այցերը կը շարունակուին: