Ապրիլ 22-ի առաւօտեան՝ Երեւանի ժամանակով 10:00-ին, «Արմենիա Մարիոթ» հիւրանոցի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի եւ ԱԺ «Ելք» խմբակցութեան ղեկավար Նիկոլ Փաշինեանի «հանդիպումը», որ տեւեց մի քանի վայրկեան։
Հակառահ երկխօսութեան սկզբունքներուն, Նիկոլ Փաշինեան ըսաւ, որ եկած է Սերժ Սարգսեանի հրաժարականին մասիխօսելու: Սերժ Սարգսեան պատասխանեց, «դուք չէք գիտակցիր պատասխանատուութեան աստիճանը: Ձեր ըրածը շանթաժ է պետութեան: Եթէ այդ թոնով պիտի խօսիք, կը մնայ ձեզի մէկ անգամ եւս խորհուրդ տալ, որ գաք օրինական դաշտ եւ ընդհանրապէս տրամաբանական գործողութիւններու սահման, հակառակ պարագային ամբողջ պատասխանատուութիւնը ձեր վրայ է, դուք դաս չէք քաղած Մարտի մէկէն»:
Նիկոլ Փաշինեան ի պատասխան ըսաւ. «Ոչ ոք կրնայ սպառնալ մեզի, ես կը ներկայացնեմ ժողովուրդի կարծիքը»: Ի պատասխան՝ Սերժ Սարգսեան նշեց, որ ինքը ցանկութիւն չունի այդ թոնով շարունակելու բանակցութիւնները: «7-8 տոկոս ձայն ունեցող խմբակցութիւնը իրաւունք չունի խօսելու ժողովուրդի անունով, եւ ես ձեզի հետ այլեւս ցանկութիւն չունիմ շարունակելու խօսակցութիւնները»,– ըսաւ Սերժ Սարգսեան ու հեռացաւ։