Ուրբաթ, 20. 06. 2025

spot_img

Գերմանիոյ Քէօլն Քաղաքին Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթող Կը Տեղադրուի

Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթող մը տեղադրուած է Գերմանիոյ Քէօլն քաղաքին մէջ:

Ըստ «Ակունք»-ի՝ գերմանական «Տէօչը Վելլէ» կայանը տեղեկացուցած է, թէ յուշակոթողի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, Ապրիլ 15-ին: Անիկա 1.5 մեթր բարձրութեամբ պողպատեայ քանդակ մըն է, որուն եռանկիւն բրգաձեւ կառոյցին վրայ տեղադրուած է պրոնզէ նուռ մը:

Յուշակոթողի հեղինակներն են՝ Քէօլնէն քանդակագործներ Շթեֆանքայզեր եւ Մաքս Շուլց։

Յուշարձանին վրայ չորս լեզուներով՝ հայերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով եւ թրքերէնով, զետեղուած է հետեւեալ գրութիւնը. «Այս ցաւը կը յուզէ մեզմէ իւրաքանչիւրը»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին