Շաբաթ, 14. 12. 2024

spot_img

Արցախ Այցելելը Յանցագործութիւն Չէ. Պելճիքայի Պատգամաւորներ

Պելճիքացի մօտ երկու տասնեակ պատգամաւոր հանդէս եկած է յայտարարութեամբ՝ մտահոգութիւն յայտնելով Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ Ինթըրփոլին դիմելու առնչութեամբ:

Յայտարարութեան մէջ, ըստ «panorama.am»-ին, ըսուած է.

«Կ’ափսոսանք, որ ազրպէյճանական իշխանութիւնները ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակի ղեկավար Գասպար Կարապետեանը ձերբակալելու պահանջով դիմած են Ինթըրփոլ՝ Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու համար: Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը հանրային նշանակութեան կազմակերպութիւն է, որուն գործունէութիւնը ուղղուած է քաղաքացիական գործունէութեան միջոցով հանրային տեղեկացուածութեան բարձրացման։

Հակառակ անոր որ միջազգային իրաւունքի մէջ նախատեսուած չեն իրաւապատասխանատուութեան համապատասխան հիմքեր, որոնք կրնան որեւէ մէկուն համար Լեռնային Ղարաբաղ այցելելու արգելք հանդիսանալ, ազրպէյճանական իշխանութիւնները վախի մթնոլորտ ստեղծելու նպատակ կը հետապնդեն եւ կը փորձեն քրէականացնել նման այցերը։

Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորմանն այլընտրանք չկայ։ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան դէմ ուղղուած մեկուսացման քաղաքականութեան պարտադրումը կը խախտէ անոնց՝ Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագրի մէջ ամրագրուած հիմնարար իրաւունքները եւ կառուցողական չէ հակամարտութեան կարգաւորման հարցով։

Մենք համոզուած ենք, որ Ինթըրփոլը քաղաքական հետապնդման կամ ահաբեկման հարթակ պիտի չդառնայ։ Մենք ընդամէնը կ’ընդգծենք, որ հակամարտութեան տեւական կարգաւորման հնարաւոր է հասնել միայն երկու կողմերու միջեւ անկողմնակալ երկխօսութեան միջոցով ՝ ներգրաւելով նաեւ Արցախի ժողովուրդը»:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին