Շաբաթ, 05. 07. 2025

spot_img

Հոլանտացի Նախարարը Երեւան Պիտի Ժամանէ՝ Մասնակցելու Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի Ձեռնարկներուն

Հոլանտայի ելեւմտական նախարարութեան պետական քարտուղար Մեննօ Սնելը Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի Հայոց Ցեղասպանութեան 103-ամեակի ձեռնարկներուն:

Հոլանտայի պետական պաշտօնեան նման ձեռնարկի մը պիտի մասնակցի առաջին անգամ, «News.am»-ի փոխանցած տեղեկութիւններով՝ յայտնած է «NL Times»-ը: Այսուհետեւ Հոլանտայի պետական նախարարը Երեւանի մէջ իրականացուող ձեռնարկներուն մասնակցելու համար պիտի ժամանէ իւրաքանչիւր հինգ տարին մէկ անգամ:

Յիշեցնենք, որ Փետրուարին Հոլանտայի խորհրդարանի ստորին պալատը հաւանութիւն տուած էր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւին: Պատգամաւորները նաեւ պահանջած էին, որ Հոլանտան ներկայացուցիչ ուղարկէ Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներուն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին