Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Իրավիճակը ԼՂ-ի Մէջ, Հայաստանի Սահմանին Միշտ Մտահոգիչ Եղած Է. Ստանիսլաւ Տարասով

Մերձաւոր Արեւելքի եւ Կովկասի երկիրներու հարցերով ռուս փորձագէտ Ստանիսլաւ Տարասովի կարծիքով, իրավիճակը Ղարաբաղի մէջ, Հայաստանի սահմանին միշտ մտահոգիչ եղած է: Քաղաքագէտը, արձագանգելով ազրպէյճանական զինուժի կողմէ վերջին օրերուն Հայաստանի սահմանամերձ բնակավայրերուն ուղղութեամբ յաճախակի դարձած կրակոցներուն եւ ՀԱՊԿ արձագանգման հնարաւորութեան, նշեց, որ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի կազմակերպութիւնը, որուն անդամ է Հայաստանը, կը հետեւի սահմանի իրավիճակի զարգացումներուն:

Տարասովի խօսքով, դժուար է մեկնաբանել հայ-ազրպէյճանական սահմանին տեղի ունեցող զարգացումները, որովհետեւ անոնք, կարծես թէ, միօրինակութիւն դարձած են:

«Այստեղ պէտք է նկատել, որ երկու կարեւոր քաղաքական իրադարձութիւն տեղի ունեցաւ. Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի մէջ նախագահներ ընտրուեցան: Հիմա հարցն ան է, թէ ի՛նչպէս պիտի ընթանայ կողմերուն միջեւ երկխօսութիւնը, ի՛նչ պայմաններով արդեօք կողմերը պիտի փորձեն դուրս գալ փակուղիէն եւ այլն: Պէտք է սպասել զարգացումներուն»,- «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցին ըսաւ Ստանիսլաւ Տարասովը:

Այն հարցին, թէ քանի որ կրակոցները Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին են,  թիրախաւորուած են քաղաքացիական տեղամասեր, արդեօք ՀԱՊԿ-ի կողմէ արձագանգելու անհրաժեշտութիւն կա՞յ, Ստանիսլաւ Տարասովը նշեց, որ առայժմ անոր կարիքը չկայ: «Առայժմ որոշ յայտարարութիւններ ընելու կարիք չեմ տեսներ, Հայաստանը ՀԱՊԿ-ի անդամ է, իսկ ՀԱՊԿ-ը կը հետեւի գործընթացին»,- ըսաւ Ստանիսլավ Տարասովը:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Ապրիլ 12-ի ուշ երեկոյեան կրակ բացած են Բաղանիսի մօտ գտնուող հայկական քաղաքացիական բեռնատարին վրայ։ Իսկ անկէ առաջ Ապրիլ 7-ին եւ Ապրիլ 7-8-ի գիշերը, Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Նախիջեւանի մէջ կրակ արձակած էին հայկական զինուած ուժերու ուղղութեամբ։ ՀՀ զինուած ուժերը պատասխան գործողութիւններով լռեցուցած էին հակառակորդին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին