Ուրբաթ, 13. 12. 2024

spot_img

Ազրպէյճանական Զինուժը Դարձեալ Կրակոցներ Արձակած Է Բաղանիսի Ուղղութեամբ

Ազրպէյճանական զինուժը Ապրիլ 15-ին՝ մօտաւորապէս ժամը 14:00-ին, Տաւուշի մարզի Բաղանիս համայնքի ուղղութեամբ կրակ արձակած է:

«Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը նշեց, որ շատ երկար չեն կրակած: «Մի քանի օր առաջ, հակառակորդը կրակ արձակեց նոյն ուղղութեամբ, որմէ ետք Բաղանիս-Ոսկեպար ուղեհատուածը փակուած մնաց երթեւեկութեան համար, քանի որ վտանգաւոր է: Այդ հատուածին մէջ համապատասխան ցուցանշաններ կան` շրջանցելու համար, ուղղակի երբեմն ժողովուրդը այդպէս կը փորձէր անցնիլ»,- ըսաւ Յովհաննիսեանը եւ աւելցուց, որ կրակոցները սակաւաթիւ եղած են:

Ազրպէյճանի զինուած ուժերը Ապրիլ 12-ի ուշ երեկոյեան կրակ բացած էին Բաղանիսի մօտ գտնուող հայկական քաղաքացիական բեռնատարին վրայ։ Մեքենան վնասուած էր, սակայն զոհեր եւ վիրաւորներ չկային: Հայկական ստորաբաժանումները պատասխան կրակով լռեցուցած էին հակառակորդին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին