Երեքշաբթի, 20. 05. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Զոյգ Թանգարանները՝ «Կիլիկիա» Եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու «Արամ Պէզիքեան» Թանգարանները, Կը Մասնակցին «Թանգարաններու Գիշեր» Ձեռնարկին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան զոյգ թանգարանները կը մասնակցին «Թանգարաններու գիշեր» (Museums Night կամ Nuit des Musées) համաշխարհային ձեռնարկին, որ Լիբանանի մէջ տեղի պիտի ունենայ 14 Ապրիլ 2018-ին երեկոյեան ժամը 5:00-էն սկսեալ։

Համաշխարհային այս ձեռնարկը Լիբանանի մէջ 5-րդ տարին ըլլալով կը կազմակերպուի մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս տարի Լիբանանի մէջ 13 թանգարաններ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, ներառեալ Կաթողիկոսարանիս երկու թանգարանները։

Նշենք, որ թանգարաններուն մուտքը ազատ է, իսկ փոխադրամիջոցներ ապահովուած են մշակոյթի նախարարութեան կողմէ։ Այս գծով յաւելեալ մանրամասնութեան համար կարելի է հետեւիլ «Թանգարաններու գիշեր» դիմատետրի էջին՝ Nuit des Musées Liban, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանիս թանգարաններու դիմատետրի էջերուն՝ Cilicia Museum Կիլիկիա Թանգարան եւ Armenian Genocide Orphans’ “Aram Bezikian” Museum։

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին