Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Հայոց Արքաներու Եւ Թագուհիներու Պատկերներով Յուշանուէրները Շուկայ Պիտի Հանուին Ապրիլի Կիսուն

Հայաստանի մէջ մեկնարկած է թեմայական յուշանուէրներու արտադրութիւն, որոնք շուկայ պիտի հանուին Ապրիլի կէսերուն: Հայոց արքաներու, թագուհիներու եւ այլ պատմական թեմաներով յուշանուէրներու արտադրութեան գաղափարը ՀՀ վարչապետ, «Պիզնես Արմէնիա»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի նախագահ Կարէն Կարապետեանին է:

Ըստ «Արմէնփրես»-ին՝ «Պիզնես Արմէնիա»-ի հասարակութեան հետ կապերու բաժինէն կը հաղորդեն, որ Տիգրան Մեծի, Փառանձեմ թագուհիի, Հայկ նահապետի, Պարոյր Սկայորդիի, Անահիտ աստուածուհիի պատկերներով  պատրաստուած են 15 տեսակ  յուշանուէրներ. թէյի տեսականի, բաժակ, ափսէ, կրծքանշան, մագնիս, էջանշան, բացիկ, նօթատետրեր, տուրմ, շապիկ, նորածիններու ներքնազգեստ, արծաթէ թեւնոց, փայտէ շրջանակով նկար, խճանկար:

Ձեւաւագէտ Գայիանէ Դանիէլեան յատուկ այս նախագիծին համար մշակած է ®«Թագ» ապրանքանիշը, տրամադրած անհատոյց օգտագործման: ®«Թագ»-ը խթանող նիւթերու համար յատուկ երաժշտութիւն գրած է Սերժ Սիմոնեանը (DJ Serjo): Պետութիւն-մասնաւոր համագործակցութեամբ ծրագիրը կ’իրականացնէ «47 տիզայն» ընկերութիւնը, որ մշակած է յուշանուէրներու կերպարներու պատկերները եւ արդէն սկսած է արտադրութիւնը:

«Պիզնես Արմէնիա»-ն ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան, Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ այլ կառոյցներու հետ համագործակցութեամբ 50 վաճառակէտեր յատկացուցած է զբօսաշրջային վայրերու մէջ՝ պատմամշակութային յուշարձաններու հարեւանութեամբ: Յուշանուէրները պիտի արտահանուին Միացեալ նահանգներ, Գանատա, Ռուսիա, Ուքրանիա, Ֆրանսա:

«Ասիկա ծրագիր է, որ փոքր յուշանուէրներու արտադրութիւնը նոր մակարդակի պիտի բարձրացնէ` դառնալով արտահանման եւս մէկ ճիւղ` մեր աւանդականներէն բացի»,- նշած է «Պիզնես Արմէնիա»-ի գործարարներու աջակցութեան խումբի ղեկավար Հայկ Միրզոյեան:

«Յուշանուէրներու արտադրութիւնը լաւագոյնս իրականացնելու համար ընտրած ենք գործող 3 արտադրամաս, ուր, ընդհանուր առմամբ, 22 նոր աշխատատեղի ստեղծած ենք, որուն արդիւնքով ստացած ենք ճանաչողական, կրթական նշանակութիւն ունեցող նմոյշներ, զորս շատերը պիտի ցանկան ունենալ»,- ըսած է «47 տիզայն» ընկերութեան հիմնադիր տնօրէն Արսէն Մելիքսէթեան:

«Իւրաքանչիւր յուշանուէր ունի եռալեզու տեղեկատուութիւն:

Ատոնք մասնաւորապէս զբօսաշրջիկներու հետ մէկ ընդհանուր ձայնով պիտի  «խօսին» Հայաստանի հարուստ պատմամշակութային ժառանգութեան մասին, պիտի բարձրացնեն յուշանուէրներու արտադրութեան արդիւնաւէտութիւնն ու մակարդակը եւ Հայաստանը պիտի ճանչցնեն նաեւ ®«Թագ»-ով»,- նշած է «Պիզնես Արմէնիա»-ի գործադիր տնօրէն Արմէն Աւակ Աւակեան:

«47 տիզայն» ընկերութիւնը տարբեր ոճերու յուշանուէրներու արտադրութիւն կ’իրականացնէ 2015-էն: Ստեղծուող նմոյշներուն վրայ, ըստ անհրաժեշտութեան, կ’աշխատին պատմաբաններ, հոգեբաններ, ձեւաւորողներ, նկարիչներ, 3D ձեւաւորողներ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին