Կիրակի, 03. 11. 2024

spot_img

ՀՀ Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեան Մասնակցեցաւ Պէյրութահայ Գրող, Պատմաբան Լեւոն Վարդանի Անձնական Գրադարանի Բացումին

Մարտ 26-ին Եւրասիա միջազգային համալսարանին մէջ ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան մասնակցեցաւ պէյրութահայ գրող, պատմաբան Լեւոն Վարդանի անձնական գրադարանի բացման արարողութեան: Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը, արխիւային նիւթերը, անտիպ ձեռագիրերը գրողի ընտանիքի կողմէ նուիրաբերուած են Եւրասիա միջազգային համալսարանի գրադարանին:

Ողջունելով ներկաները՝ նախարար Հրանուշ Յակոբեան նախ եւ առաջ շնորհաւորեց համալսարանի ուսանողներուն, արեւմտահայ գրականութիւնը եւ պատմութիւնը ուսումնասիրողներուն նման հարուստ ժառանգութիւնը հայրենիքի մէջ ընթերցելու,  հետազօտելու հնարաւորութեան համար: «Ասիկա պատմական իրողութիւն է: Երկար դեգերումներէ ետք Լեւոն Վարդանը «վերադարձաւ» Հայաստան իր աշխատութիւններուն ու գիրքերու տեսքով: Ծնաւ Հալէպ, ապրեցաւ եւ կրթութիւն ստացաւ Լիբանանի մէջ, եւ ամէնէն առաջ եղաւ մանկավարժ ու ուսուցիչ՝ ձգելով իր մնայուն հետքը: Ան իր պատմագիտական ուսումնասիրութիւններուն մեծ մասը նուիրեց մեր ամենամեծ ցաւին՝ Ցեղասպանութեան: Լեւոն Վարդանի ժառանգութեան տեղափոխումը Հայաստան՝ իր ընտանիքի մեծ նուէրն է մեր բոլորին»,- նշեց Սփիւռքի նախարարը:

Նախարար Հրանուշ Յակոբեան յորդորեց ուսանողներուն կարդալ մեծանուն գրողի ե՛ւ պատմագիտական, ե՛ւ գեղարուեստական ստեղծագործութիւնները: «Գիրքը ամենաթանկ արժէքն է: Անիկա թող ձեր ընկերը դառնայ, ուղեկիցը, ապագայի ուղի հարթողը: Յուսամ, որ այս կարեւոր գիրքերը դուք հաճոյքով կ’ընթերցէք, եւ յոյս ունիմ նաեւ, որ անոնք մօտ ապագային կը թուայնացուին»,- ընդգծեց Հրանուշ Յակոբեան:

Եւրասիա միջազգային համալսարանի նախագահ Սուրէն Օհանեան օրը յիշարժան համարեց համալսարանին համար եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Սփիւռքի նախարարութեան Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը Պէյրութէն Երեւան տեղափոխելու հարցի առումով ցուցաբերած օժանդակութեան համար: «Գրադարանը բաց եւ հասանելի է անոր որ կը ցանկայ գալ եւ ծանօթանալ պէյրութահայ գրողի ժառանգութեան: Մենք այս ձեւով նպատակ ունինք նաեւ հանրահռչակել Լեւոն Վարդան հեղինակին, պատմաբանին, անհատին»,- նշեց Սուրէն Օհանեան:

«Սփիւռք» գիտա-ուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեան  ընդգծեց, որ գրողի գրական արխիւի հետ միասին Հայաստան տեղափոխուած է նաեւ Սփիւռքի գրական աշխարհի մէկ մասնիկը:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Եղիշէ Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի տնօրէն Կարօ Վարդանեան:

«Լեւոն Վարդանի գրական ժառանգութիւնը» զեկուցումով հանդէս եկաւ ԵՄՀ յենակէտային վարժարանի փոխտնօրէն Սիրարփի Դաւթեան:

Այնուհետեւ վարժարանի սուրիահայ աշակերտներ Սարգիս Գաթրճեանը եւ Լարա Փաթրոնեանը ընթերցեցին հատուածներ գրողի ստեղծագործութիւններէն:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին